Ի՞նչ Կը ԿԱՏԱՐՈՒԻ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՍԻՆԱ ՆԱՀԱՆԳԻՆ ՄԷՋ
Վերջին օրերուն Եգիպտոսի Սինա նահանգին մէջ արձանագրուած դէպքերը կրնան բաւական բարդ իրադրութիւն ստեղծել զօրավար Ապտըլֆաթթահ Ալ Սիսիի իշխանութիւններուն համար: Երկրին մէջ իշխանազուրկ եղած եւ մահուան դատապարտուած նախկին նախագահ ՝ Մուհամմէտ Մուրսիի բանտարկութենէն ի վեր այս մակարդակի ծանր բախումներ չեն գրանցուած: Բանակի բարձրաստիճան պատասխանատու մը, որ մերժած է իր անունը տալ ԱՖՓ լրատուական գործակալութեան, խօսելով նկատել տուած է, թէ Սինա նահանգի յատկապէս Շէյխ Զուայտ շրջանին մէջ գրանցուած բախումները եղած են աննախադէպ եւ թէ աւելի քան երեք հարիւր իսլամամէտ զինեալներ նոյնիսկ շէնքերու տանիքներէն արդիական եւ ծանր զէնքերով կրակ բացած են բանակի անցերգալային կէտերուն վրայ: Ինկած են եօթանասուն զոհեր, որոնց մեծամասնութիւնը բանակի զինուորներ են: Զոհուածներուն մէջ կան նաեւ չորս սպաներ: Եգիպտական բանակը, արագօրէն դուրս գալով «շոքային» իրավիճակէն, յաջողած է արագ հակահարուած մը տալ ահաբեկիչներուն: Պաշտօնական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ բանակի հակահարուածին արդիւնքով սպաննուած են շուրջ հարիւրքսան ահաբեկիչներ:
Յիշեցնեմ, որ այս անակնկալ գրոհէն առաջ եգիպտական դատական համակարգը ծանր հարուած ստացած էր: Իսլամամէտներու դէմ անդուլ պայքարի գլխաւոր դրօշակիր համարուող ոճրադատ ատեանի պետ, դատախազ՝ Հիշամ Պարաքաթ (65 տարեկան) կը սպաննուէր Գահիրէի «Մասր Ալ Ժատիտա» թաղամասին մէջ, զոհ երթալով ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին: Աւելի ուշ պարզ կը դառնար, որ ականուած ինքնաշարժը կը պատկանի արգիլեալ «Իսլամ եղբայրներ» շարժումի մէկ անդամին: Վերադառնալով Սինայի խնդրին, պէտք է նշել, որ Սատաթ-Պեկին համաձայնութեան հիմամբ այդ շրջանը եւ ըստ կնքուած համաձայնագրին ապասպառազինուած շրջան կը համարուի եւ Եգիպտոսի բանակը պարտաւոր է Իսրայէլէն թոյլտուութիւն ստանալ շրջանին մէջ յաւելեալ զօրքեր տեղադրելու համար: Իսկ Ռաֆահ շրջանը, որ կը համարուի դէպի պաղեստինեան Կազզէ եղող միակ անցքը վերջին շրջանին, մշտական պատուհաս դարձած է Եգիպտոսի համար: Նախկին նախագահ Մուրսի ամէն լիազօրութիւն տուած էր պաղեստինցի զինեալներուն եւ անոնք այսօր դարձած են տիրական ներկայութիւն շրջանին մէջ: Լրատուական աղբիւրներ նաեւ կը խօսին, որ այս ահաբեկչական արարքներու ետին կը կանգնի «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ISIS) խմբաւորման Սինայի ջոկատը: Այս բոլորը ի հարկէ քըն-նարկման առարկայ են, բայց եւ այնպէս գաղտնիք մը բացայայտած չենք ըլլար, եթէ հաստատենք, որ շրջանին մէջ իսլամամէտ զինեալները ոչ միայն ISIS-ի, այլ նաեւ մօտիկ կը համարուին պաղեստինեան «Համաս»ին: Սիսի-«Համաս» յարաբերութիւնները կը մնան լարուած, որովհետեւ Եգիպտոսի գործող նախագահը ամբողջական վերահսկողութեան տակ կը պահէ սահմանային ամբողջ հատուածը եւ արգելք կը հանդիսանայ դէպի Կազզէ զէնքի ներհոսքին:
Ականումներ, պայթումներ, ահաբեկչութիւն եւ բանակին դէմ հերթական դարձած յարձակումներ: Այս հանգրուանին մէջ է Եգիպտոսը այսօր: Ու բնական է, որ այս իրավիճակէն օգտուողներէն կը համարուի Իսրայէլը: Չմոռնանք նաեւ ըսել, որ Իսրայէլի համար «հին երազ» կը համարուի Սինան, դարձնել պաղեստինեան նոր տարածք եւ ընդհանրապէս ձերբազատիլ Կազզէի «գլխացաւանք»էն: Այս առումով պարզ չէ, պաղեստինեան ընդհանուր կեցուածքը, բայց եւ այնպէս յստակ է, որ «Համաս», վրդոված է Գահիրէի պաշտօնական դրսեւորումներէն: Ամերիկայի Միա-ցեալ Նահանգներու համար եւս «հաճելի եւ օգտակար» գաղափար է պաղեստինեան «այլընտրանքային հայրենիք» ստեղծելու հին վարկածին ջուրի երես հանուիլը: Իսրայէլ նոյն մօտեցումը փորձած է կիրառել Լիբանանի մէջ 1970-ականներուն: Այլ առումով Միացեալ Նահանգներու համար շատ խորթ է, որ իր վաղեմի դաշնակիցը Միւպարաքի յետնորդ Սիսին (որ նոյնպէս «բանակի դպրոց»ի անդամ է) այսքան սիրալիր կապեր հաստատէ Մոսկուայի հետ: Մեր մտքերուն մէջ տակաւին թարմ է Վլատիմիր Փութինի տուած այցելութիւնը Գահիրէ, ուր ան ոչ միայն զին-ւորական եւ տնտեսական կարեւոր համաձայնագրեր կը կնքէր, այլ առիթ կը ստեղծէր, որ նոյնիքն Սիսի Մոսկուայի «Կարմիր հապարակ»ին վրայ մասնակցի Բ. Աշխարահմարտի 9 Մայիսի յաղթանակի տօնակատարութիւններուն: Խորքին մէջ այս դէպքերու ժամկէտը եւս բաւական կարեւոր է այն իմաստով, որ Սուրիոյ, Եէմէնի եւ Լիպիոյ անլոյծ տագնապներէն ետք ISIS-ի հոսանքը կը փորձէ գետին շահիլ Եգիտպտոսի մէջ: Վերլուծաբաններ նոյն թեմային մասին խօսելով կարծիք յայտնած են, որ տեղի ունեցած այս աննախադէպ գրոհին հետեւանքով Եգիպտոսի այս տարուան զբօսաշրջային եղանակը մեծ կորուստներ պիտի կրէ:
Բացի այս նախադրեալներէն, արաբական աշխարհի մէջ յառաջատար առաջնորդի բացակայութեան տագնապը եւս կը մնայ առաջնային: Զօրավար Սիսի հակառակ անոր, որ Գահիրէի մէջ գումարուած վերջին համարաբական ժողովին կարեւոր եւ տիրական ներկայութիւն եղաւ, սակայն երկրին մէջ «Իսլամ եղբայրներ»ու դէմ առնուած կտրուկ քայլերը կրնան անոր օրինականութեան միաւորներէն պակսեցնել: Եգիպտացի ժողովուրդը կը հաւատայ, որ իր փրկութիւնը ունի մէկ երաշխաւոր եւ այն երկրի հզօր բանակին գոյութիւնն է: Կրօնական ծայրայեղական բոլոր մօտեցումները ծանր հարուած ստացան, վերջին օրերուն բանակին դէմ կատարուած անսպասելի հարուածներուն հետեւանքով եւ այդ մէկը աւելիով կ՚ուժեղացնէ երկրի օրինապահ մարմիններուն դերակատարութիւնը: Կարեւոր ու հիմնարար է քաղաքական լուծումներ տալ «Իսլամ եղբայրներ»ու խնդրին ու յատկապէս Նախագահ Մուհամմէտ Մուրսիի հարցը լուծել շատ նուրբ երանգներով՝ առանց յաւելեալ ցնցումներու տանելու երկիրը:
Սինայի մէջ կատարուող գործողութիւնները մտահոգիչ կրնան ըլլալ, եթէ իսլամամէտ զինեալներու ներհոսքը շարունակուի եւ այդ մէկը բնական է կրնայ կատարուիլ արտաքին դրդումներով:
Այս ընդհանուր պատկերին վրայ արաբական միջավայրին մէջ այլ գաղափարական տագնապի մը նախանշոյլները կ՚երեւին: Այսպէս, եգիպտացի անուանի լրագրող Ֆահմի Հուայտի, իր «Ալ Շուրուք» թերթին մէջ ստորագրած յօդուածով հարց կու տայ. «Ո՞վ է արաբներուն թշնամին»: Ան տարբեր պատճառներ թուարկելէ ետք պահ մը մոռացութեան կը մատնէ Իսրայէլը եւ կը բացատրէ, որ ըստ իրեն արաբներու թիւ մէկ հակառակորդը այսօր Իրանի իսլամական հանրապետութիւնն է: Ան ծանր քննադատութիւններու կ՚արժանանայ եւ անոր կատարած դիտարկումները կը համարուին անընդունելի: Ինչ ալ ըլլան մեղադրանքները, այսօր յստակօրէն կ՚ուրուագծուի, որ յատկապէս Ծոցի արաբական աշխարհին համար թիւ մէկ թշնամին Իսրայէլը չէ, այլ Իրանն է: Խնդիրը ունի բազում ազդեցիկ եւ հանգուցաւոր դրոյթներ եւ Իրանի յատկապէս վերջին շրջանի ունեցած վատ դերակատարութիւնը՝ արաբներուն մօտ ստեղծած է Իրանը, որպէս «հեռանկարային» հակառակորդ եւ մրցակից տեսնելու դրութիւն մը: Այս բոլորը մեղմ բառերով ըսուած, ու այստեղ անհնարին է մոռնալ շիի-սիւննի դարաւոր հակամարտութեան սերմերուն գոյութիւնը: Այսօր այդ հակամարտութեան նոր տեսադաշտը Եգիպտոսն է: Հոն է, որ Իսրայէլ ու Միացեալ Նահանգներ ամէն կերպ պիտի փորձեն Սիսին Մոսկուայէն հեռացնելով դարձեալ իրենց գիրկը «բերել»: Պիտի յաջողի՞ն այդ մէկը ընել: Պիտի զիջի՞ Եգիպտոսի նոր առաջնորդը, որուն համար Սուրիոյ մէջ կատարուած խաղերը լաւագոյն օրինակն են արեւմտեան աշխարհի շահակցական եւ ապաբարոյ խուսանաւումներուն:
Խաղը բաց է ու վտանգաւոր, մանաւանդ, որ Եգիպտոսի պէս հզօր երկրի մը մէջ քաոսային նոր իրավիճակի մը ստեղծումը կրնայ պատուհասել ո՛չ միայն Գահիրէն, Սինան ու Ռաֆահը, այլ՝ ամբողջ Միջին Արեւելքը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան