ԿՐԹԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ

Ե­րե­ւա­նի մէջ, «Խա­չա­տուր Ա­բո­վեան» Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր օր մը։ «Կրթու­թեան կա­ռա­վա­րում» մաս­նա­գի­տու­թեան մա­գիստ­րոս­նե­րու շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դի­սու­թեան առ­թիւ ապ­րուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Ռու­բէն Միր­զա­խա­նեան եւ այս մաս­նա­գի­տու­թեան ծրագ­րին ղե­կա­վա­րը՝ Ռի­թա Գէոր­գեան։ Ա­ւար­տա­կան հան­դէ­սին ըն­թաց­քին շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ստա­ցան ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը, ա­նոնց յանձ­նուե­ցան նաեւ յու­շա­նուէր­ներ։

Միր­զա­խա­նեան եւ Գէոր­գեան շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քեր ար­տա­սա­նե­լով շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­ցին ի­րենց յա­ռա­ջի­կայ գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։

Հա­մալ­սա­րա­նի այս ծրա­գի­րը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի եւ­րո­պա­կան ու տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին գոր­ծըն­կեր­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ Այս տա­րուան տասն­մէկ շրջա­նա­ւարտ­նե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ այս ո­լոր­տի ա­ռա­ջին մաս­նա­գէտ­նե­րը կը հա­մա­րուին եւ շու­կայ մուտք կը գոր­ծեն մեծ պա­հան­ջար­կով։ Այս ծրագ­րի նպա­տակ­նե­րէն մին է նաեւ՝ պատ­րաս­տել մաս­նա­գէտ­ներ, ո­րոնք ոչ միայն ի­րենց գի­տե­լիք­նե­րով, այ­լեւ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով պի­տի նպաս­տեն կրթա­կան գետ­նի վրայ ի­րա­կա­նա­ցուող բա­րե­փո­խում­նե­րուն։ Կրթա­կան ծրագ­րե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած է դա­սա­խօս­նե­րու վե­րա­պատ­րաս­տում, նաեւ ու­սա­նող­նե­րու փո­խա­նակ­ման ծրագ­րեր։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015