ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՒՈՒՇԻ ՄԱՐԶԷՆ ՆԵՐՍ ՊԱՌԱՒԱՔԱՐ-ՎԱԶԱՇԷՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ
Հայաստանի կառավարութեան ջանքերով ճանապարհաշինութեան աշխատանքները կանոնաւոր թափով կը շարունակուին ամբողջ երկրէն ներս։ Այս շրջագծով կա՛մ կը վերանորոգուին գոյութիւն ունեցող ճանապարհները եւ կամ կը կառուցուին նորերը։ «Հիւսիս-Հարաւ» մայրուղիի նման շինարարական մեծ ծրագրեր յառաջ կը տարուին, զուգահեռաբար նաեւ երկրի զանազան շրջաններուն մէջ ճանապարհները միշտ ենթակայ կը դարձուին խնամքի։ Վերջերս նման ծրագիր մըն ալ կեանքի կոչուեցաւ երկրի հիւսիս-արեւելքի Տաւուշի մարզին մէջ, որ կը գտնուի Ատրպէյճանի սահմանին։ Այդ շրջանէն ներս կառուցուած Պառաւաքար-Վազաշէն ճանապարհը բացուեցաւ վերջին օրերուն։ Բարձր դիրքով հատուածի մը վրայ, անտառային գօտիէ մը ներս բացուած ճանապարհ մըն է այս մէկը, որ ոլորապտոյտ է զգալիօրէն ու լուրջ այլընտրանք մը կը հանդիսանայ այդ ուղղութեան վրայ ճանապարհորդողներուն համար։ Հաշուի առնելով մայրուղիի աշխարհագրական դիրքը՝ շինարարութեան ընթացքին նախազգուշական միջոցներ ալ ձեռք առնուած են երաշխաւորելու համար անվտանգութիւնը։