ՀԲԸՄ-Ի ԵՐԵՒԱՆԻ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագրերու շրջանակներէն ներս Հայաստանի մէջ գտնուող տասնվեց հայ ուսանողներ երէկ այցելեցին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն։ Այդ ուսանողները Հայաստան մեկնած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն, Ռուսաստանէն եւ Ֆրանսայէն։ Ծրագրի նպատակն է աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութեան մասնագիտական եւ գործնական փորձառութեան հնարաւորութիւն տալ Հայաստանի մէջ՝ միեւնոյն ժամանակ իրարու հետ մերձեցնելով աշխարհի զանազան ծայրերէն հայ երիտասարդներ։ Փորձառութեան փոխանակման ամառնային այս ծրագիրը հիմնուած է եւ արդէն շուրջ քսան տարիէ ի վեր աշխուժօրէն կը գործէ Նիւ Եորքի մէջ։ Վերջին վեց տարիներուն Փարիզը, իսկ այս տարի ալ Լոնտոնը ներառնուած են սոյն շրջագծին մէջ։
Սփիւռքահայ ուսանողներու հետ այս առթիւ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան, որ անոնց փոխանցեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը։ Փոխ-նախարար Սրապիոնեան գոհունակութեամբ վերյիշեց, թէ անցեալ տարի եւս նախարարութիւնը մեծ սիրով հիւրընկալած էր այս ծրագրին մասնակից հայ տաղանդաւոր ուսանողները։ «Մեր նախարարութիւնը ձեր առաջին հանգրուանն է հայրենիքի մէջ», ըսաւ Սրապիոնեան եւ աւելցուց, թէ իրենք բոլոր ջանքերը պիտի ներդնեն, որպէսզի երիտասարդները Հայաստանի մէջ ստանան համապարփակ եւ ամբողջական գիտելիքներ ազգային պատմամշակութային ու հոգեւոր արժէքներու շուրջ։
Երիտասարդները դիտեցին նախարարութեան ծաւալած գործունէութեան եւ ձեռնարկած ծրագրերուն վերաբերեալ տեսանիւթ մը, որմէ յետոյ Սերժ Սրապիոնեան պատասխանեց անոնց հարցումներուն։
Այս զրոյցէն վերջ, երիտասարդները պատասխանատուներու ուղեկցութեամբ շրջեցան նախարարութեան կառուցուածքային ստորաբաժանումներուն մէջ, ծանօթացան անոր դրուածքին եւ ընթացիկ աշխատանքներու մթնոլորտին։