ՓԱԹՐԻՔ ՄԱԼԱՔԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ ընդունեց ֆրանսահայ աշխարհահռչակ շարժանկարի բեմադրիչ հանգուցեալ Անրի Վերնէօյի որդին՝ Փաթրիք Մալաքեանը, որուն հետ էր նաեւ ֆրանսահայ գործարար Ռենի Մեքենեճեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հրանոյշ Յակոբեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Մալաքեանը եւ անդրադարձաւ անոր գործունէութեան յատկանշական երեսակներուն։ Իր կարգին Փաթրիք Մալաքեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ արտայայտուեցաւ իր ազգային զգացումներուն շուրջ։ Ան ըսաւ, թէ ինք խորապէս կապուած է իր հայկական արմատներուն ու կ՚ափսոսայ, որ չի տիրապետեր հայերէնին, սակայն կը փորձէ սորվիլ։
Հարկ է նշել, որ Փաթրիք Մալաքեանի ջանքերով Մարսէյլի մէջ 2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով թողարկուած են դրամանիշ մը եւ դրոշմաթուղթ մը։