ԱՄՆ-Ի ԴԵՍՊԱՆ ՔՎԻՆ. «ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՈՒՄԲԸ ՉԷ ԴԱԴՐԱԾ»
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիստինա Քվին յայտարարեց, որ եթէ ապագային հնարաւոր ըլլայ շինիչ աշխատանք ծաւալել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակին մէջ, ապա իր երկիրը դէմ պիտի չըլլայ։
Դեսպան Քվին յայտնեց, որ ԱՄՆ կը փորձէ գտնել ուղիներ եւ կազմակերպութիւններ, որոնց մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան՝ արդէն սկսած քննարկումները հնարաւոր կ՚ըլլան յառաջ տանիլ եւ վերջնական արդիւնքի հասցնել։
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման համար ստեղծուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափին շուրջ՝ Քրիստինա Քվին ըսաւ. «Դժբախտաբար, Ռուսաստան Ուքրայնայի իր ակրեսիւ գործողութիւններուն պատճառով հանդէս չէ եկած որպէս լաւ գործընկեր։ Ուստի, մենք կ՚աշխատինք մեր վստահելի գործընկերներուն հետ՝ փորձելով յառաջ տանիլ վերոյիշեալ գործընթացը։ Մինսքի խումբը չէ դադրած։ Եւ եթէ ապագային հնարաւոր ըլլայ շինիչ աշխատիլ Մինսքի խումբի շրջանակին մէջ, ապա ԱՄՆ դէմ չէ այդ բանին։ Մենք այդ մէկը անպայման պիտի դիտարկենք»։
Հարկ է յիշեցնել, որ Ուաշինկթըն վերջին շրջանին բաւական աշխուժօրէն ներգրաւուած է Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը հնարաւոր դարձնելու նպատակով։ Վերջին օրերուն արդէն ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած էին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հերթական բանակցութիւնները։