ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԽՐԱԽՈՒՍԵԼ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական եւ երախտաշատ բարերար Կիրակոս Գույումճեան կը շարունակէ խթանել նոր սերունդներու ուսումնառութիւնն ու կատարեալ պատրաստութիւնը։ Իր կողմէ սփիւռքահայ աշակերտներու համար հաստատուած «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» տարեկան մրցանակի յանձնման արարողութիւնը այս տարի եւս առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Քուէյթի մէջ եւ զուգադիպեցաւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցի յոբելենական շրջանին։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Քուէյթի առաջնորդարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Պետրոս Ծայրագոյն Վարդապետ Մանուէլեան։ Կիրակոս Գույումճեան եւ իր ընտանիքի անդամները, անշուշտ, հաւաքոյթի պատուոյ հիւրերն էին։ Ներկայ էին նաեւ տեղւոյն ազգային վարչութեան եւ հայկական վարժարանի պատասխանատուները։
«Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» տարեկան մրցանակները այս տարի եւս անձամբ յանձնեց Կիրակոս Գույումճեան, որ փորձեց երիտասարդները խթանել եւ անոնց մաղթեց ապագայ յաջողութիւններ։ Ձեռնարկի տեւողութեան գործադրուեցաւ նաեւ երաժշտական յայտագիր։ Սրտի խօսքերով հանդէս եկան կրթական մշակներ Յովհաննէս Սերովբեան, Ներսէս Սարգիսեան եւ Տ. Պետրոս Ծայրագոյն Վարդապետ Մանուէլեան։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ Կարօ Արսլանեանի հանդիսավարութեամբ։
Այս տարի առաջնակարգ մրցանակին արժանացած է Փաթիլ Պօղոսեան, որ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ բոլորին կողմէ։
Կիրակոս Գույումճեան Քուէյթի եւ Սուրիոյ հայկական վարժարաններու աշակերտներուն համար սահմանած է այս մրցանակը եւ կը ջանայ զանոնք խրախուսել ապագայ յաւակնոտ նպատակներու հասնելու ճանապարհին։