ՆՈԷԼ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ՝ ԱՐԱԳ ՍՆՈՒՆԴԻ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՄԱՆ ՄԵԾ ՑԱՆՑԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՀԱՅՈՒ ՄԸ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՈՍՏՈՒՄԸ
Լիբանանահայերու մասին ըսուած է, թէ անոնք ընդունակ են փոքրիկ ովասիսներ ստեղծել իրենց գտնուած տեղերուն մէջ։ Խօսքը իրաւացի է ո՛չ միայն այն պատճառով, որ անոնք կը տիրապետեն բազում շնորհներու, այլեւ անոր համար, որ անոնք աշխատասէր են։ Եւ գուցէ աշխատասիրութիւնը գլխաւոր առանցքն ու գաղտնաբառն է այն մեծ յաջողութիւններուն, որոնց տիրացած են լիբանանահայերը։
60-ականներուն լիբանանահայութեան թիւը կը գնահատուէր 250 հազարի շուրջ։ Վրայ հասած արիւնալի քաղաքացիական պատերազմը պատճառ դարձաւ գաղութի նօսրացման։ Հազարաւոր հայեր լքեցին Պէյրութը ու գացին հեռաւոր ափեր ու այնտեղ ալ կերտեցին նոր կենսագրութիւն։ Հիմնեցին զանազան ասպարէզներ, նետեցին արմատ, ստեղծեցին ու կերտեցին։ Այդ բոլորին զուգահեռ՝ անոնց կապը չկտրուեցաւ ծննդավայր Լիբանանին հետ ու տարբեր միջոցներ ի գործ դնելով շարունակեցին նեցուկ դառնալ իրենց հարազատներուն եւ իրենց կեանք ու հասակ տուած սիրելի գաղութին։
Տխուր է, թէ նոյնիսկ Լիբանանի արիւնալի պատերազմէն ետք այդ երկիրը վար չիջաւ տառապանքի խաչափայտէն. բան մը, որ պարտադրեց տարբեր փուլերու եւ ամենատարբեր ուղղութիւններով հայագաղութին արիւնահոսութեան շարունակութեան ու համայնքի նօսրացման։
Վերջերս զրոյց մը ունեցանք «ՓԻՔ» արագ եւ առողջ սնունդի ընկերութեան տնօրէններէն Նոէլ Փամպուքեանին հետ, որ նախկին լիբանանահայ մըն է։ Քուէյթի մէջ իր հիմնած ձեռնարկութիւնը կարողացած է մեծ եւ փայլատակող յաջողութիւններու հասնիլ։ Փամպուքեանի հիմնած ճաշարանային ցանցի հիմնական մտասեւեռումն է՝ պատրաստել եւ հանրութեան ներկայացնել առողջապահական ուտեստ եւ այդ գաղափարով ալ զինուած՝ ան կարողացած է հրամցնել օգտակարն ու սննդարարը՝ հիմնադրելով տասնեակ ճաշարաններ ու վաստակելով այսօրուան գործածարար հասարակութեան յարգանքն ու վստահութիւնը։ Ընտիր հումք, արագ պատրաստման եղանակ ու ամենակարեւորը՝ նուիրական աշխատանք։ Ահա՛ այն բանալիները, որոնք կը համարուին Փամպուքեանի յաջողութեան հիմնական առանցքները։
Հարկ է նշել, որ Փամպուքեան համագործակցած է բնիկ քուէյթցի գործարարներու հետ, որոնք մեծ յարգանքով ընդունած են անոր խորհուրդները ու միասնաբար կը շարունակեն քալել յաջողութեան նոր ճանապարհներով։ Հարկ է նաեւ աւելցնել, որ «ՓԻՔ» ընկերութիւնը արժանացած էր Քուէյթի մեծ մրցանակին։ Գալով Նոէլ Փամպուքեանի խորհրդածութիւններուն…
*
-Հակիրճ պատմական մը կրնա՞ք տալ Քուէյթի «ՓԻՔ» արագ եւ առողջ սնունդի ընկերութեան մասին։
-«ՓԻՔ» արագ եւ առողջ սնունդի ընկերութիւնը հիմնուած է 2010 թուականին, Քուէյթի մէջ։ Ան առաջին մասնաճիւղը բացած է Քայֆան քաղաքին մէջ։ Ընկերութեան գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Քուէյթի Արտիա քաղաքին մէջ։ Ներկայիս Քուէյթի մէջ ունինք 33 մասնաճիւղ։ 2022 թուականին «ՓԻՔ» մասնաճիւղ մը ունեցաւ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, որ կը հանդիսանայ մեր մասնաճիւղերուն ամենամեծը։
-Ովքե՞ր են ընկերութեան հիմնադիրները։
-«ՓԻՔ»ը հիմնուած է երեք անձերէ, որոնցմէ երկուքը քուէյթցիներ են՝ Ժասէմ Ալտուայժը եւ Պատըր Ալ Օքայլին եւ երրորդը ես եմ, որ եկած եմ Լիբանանէն։
-Ի՞նչով կ՚առանձնանայ «ՓԻՔ»ը՝ այլ արագ սնունդի ճաշարաններէն։
-«ՓԻՔ» ընկերութեան ուտելիքի նշանաբանն է. «Ան ո՛չ միայն ապրելակերպ է, այլեւ՝ կեանք»։ Մեր նպատակն է հրամցնել առողջ սննդատեսակ եւ ցոյց տալ, թէ արագ սպասարկութեամբ (fast food) եւ մատչելի ուտելիքն ալ կրնայ առողջ սնունդ ըլլալ։ «ՓԻՔ»ը ունի հարուստ ու բազմազան ճաշացուցակ մը, թարմ եւ բարձրորակ բաղադրութեամբ։ «ՓԻՔ»ը կ՚արտադրէ նաեւ բնական մածունով պատրաստուած պաղպաղակ՝ զանազան համերով։
-Ինչո՞ւ ընտրած էք «ՓԻՔ» անունը։
-«ՓԻՔ» անգլերէնով կը նշանակէ ընտրել։ Հետեւաբար՝ ընտիր ուտելիքը ընտրել… «ՓԻՔ» ընկերութեան լոկոն է անձրեւի կաթիլը։ Երբ միացնես բթամատդ ցուցամատիդ ցոյց տալով հաւանութեան կամ ընտիր ու համեղ ըլլալու նշանը, երկու մատներուն միջեւ կը ստանաս անձրեւի կաթիլի ձեւը։ Այս է միտք բանին։
-«ՓԻՔ»ի ճաշատեսակներուն կամ ճաշացուցակին մասին ի՞նչ կրնաք ըսել։
-«ՓԻՔ»ի ճաշացուցակին մէջ նշուած է իւրաքանչիւր ուտեստի բաղադրութիւնը, մէկ ճաշաբաժինի ջերմուժի՝ քալորիներուն քանակը, ինչպէս նաեւ անոր սննդական արժէքը։ Հաւատալով առողջ եւ որակաւոր սնունդին՝ «ՓԻՔ»ը իր ճաշատեսակներուն եւ խմիչքներուն մէջ շաքար չ՚օգտագործեր, այլ զայն կը փոխարինէ «սթեվիա»ով, որ կը յառաջանայ նմանանուն բոյսէ մը եւ որ սովորական շաքարէն աւելի քաղցր է եւ ջերմուժ, ճարպ, բնածխաջրատ եւ արհեստական տարրեր չի պարունակեր։ «ՓԻՔ»ը իր մսեղէնը կը ներածէ հետեւեալ երկիրներէն. հնդկահաւի միսը Պելժիայէն, կովու կամ հորթի միսը՝ Փարակուայէն, իսկ հաւու միսը՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն։
-Ձեր ընկերութիւնը շահած է զանազան մրցանակներ։ 2022-ին միջազգային նոր մրցանակ մը ստացաք։ Ի՞նչ կը ներկայացնէ այդ մրցանակը, ի՞նչ է անոր արժէքը։
-2022-ին «ՓԻՔ» մասնակցեցաւ արագ սնունդի գնահատման՝ «Service Hero» միջազգային մրցոյթին եւ գրաւեց առաջին տեղը։ Մրցոյթին կը մասնակցէին արագ սնունդի մեծ եւ միջազգային անուններ։ Մեզի համար մեծ պատիւ էր այդ բոլորի շարքին առաջին դիրքը գրաւելը։
-Սնունդի ոլորտին նախապէս ծանօ՞թ էիք, թէ ոչ Քուէյթ փոխադրուելէն ետք սկսաք այս գործով զբաղիլ։
-Ես 17 տարիէ ի վեր կ՚ապրիմ Քուէյթի մէջ։ Նախքան Քուէյթ հաստատուիլս սպասարկման եւ ուտելիքի ոլորտին մէջ ունէի մեծ փորձառութիւն։ Լիբանանի մէջ աշխատած եմ «Ինթերքոնթինենթըլ Ֆինիսիա» պանդոկին մէջ։ Լիբանանի Զահլէ շրջանին մէջ ունէի ճաշարան մը։ 2006-ի Յուլիսի պատերազմին փակեցի ճաշարանը ու մեկնեցայ Քուէյթ։ Նախքան Քուէյթի մէջ առանձին գործ հիմնելը՝ երկու տարի աշխատած եմ լիբանանեան «Փաթչի» ընկերութեան Քուէյթի մասնաճիւղին մէջ, ինչպէս նաեւ շուրջ չորս տարի՝ «Քրաուն փլազա» պանդոկին մէջ։
-Տեղեկացած ենք, թէ «ՓԻՔ» ընկերութիւնը ընդլայնած է իր գործունէութիւնը նաեւ այլ մարզերու մէջ։ Կրնա՞ք յաւելեալ տեղեկութիւններ տալ։
-«ՓԻՔ»ի առընթեր հիմնեցի նաեւ այլ հինգ ընկերութիւններ՝ սննդամթերքի արտադրութեան, ճաշարաններու սարքաւորման ու յարդարման, սննդանիւթերու հայթայթման եւ սպասարկման, ինչպէս նաեւ փոխադրութեան ընկերութիւն մը։ Այժմ ընկերութիւնը ունի աւելի քան 350 սպասարկման ինքնաշարժներ։ Հետեւաբար, մեր ճաշարանի հիմնական եւ առանցքային պէտքերը կը հայթայթուին մեր միւս ընկերութիւններուն կողմէ։
-Կը փափաքի՞ք «ՓԻՔ»ի մասնաճիւղ մը բանալ նաեւ ձեր ծննդավայրին՝ Լիբանանի մէջ։
-Ցանկութիւնս է ծննդավայրիս՝ Լիբանանի մէջ հիմնել մասնաճիւղեր, սակայն, երկրին ներկայ պայմաններն ու անկայուն վիճակը բնաւ չեն քաջալերեր նման քայլեր ձեռնարկելու։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան