ՓՈԽՈՒԻԼ ԵՒ ՍՈՐՎԻԼ…

Զօրակցութիւնը, առաջին հայեացքով, կը թուի ըլլալ միակողմանի։ Բարդ պահուն մէկը կ՚աջակցի միւսին։ Առ երեւոյթ կայ մէկը, որ միւսին օգնութեան կը հասնի։ Բայց մարդկային կեանքին մէջ ամէն ինչ միթէ այդքան պա՞րզ է։ Երկու կամ աւելի անձի միջեւ ամէն ինչ փոխադարձ չէ՞։ Օգնողն ալ միթէ չ՚օգտուի՞ր՝ հակառակ իր դերին ստեղծած միակողմանի տպաւորութեան։ Տակաւին նոյնիսկ չխօսինք դերերու հաւանական փոփոխութեան պարագային։ Իւրաքանչիւր անձ կ՚ունենայ տարբեր ընդունակութիւններ եւ կարողութիւններ։ Անկախ անձերէ, պահերէ կամ վիճակներէ, այդ տարբերութիւններու հանրագումարը արդէն կ՚ենթադրէ մեծ զօրակցութիւն մը՝ հաւաքական հարթութեան վրայ։ Հաւաքական զօրակցութիւնը, ըստ էութեան, կ՚ապահովէ հանրային համակարգին բանիլն ու կատարելագործումը։ Վերադառնալով անհատական հարթութեան, երեւոյթը անմիջապէս դժուար սահմանումներու վերաբերիլ կը սկսի։

Յամենայնդէպս, ընկերային ցանցերը ողողուած են նաեւ կեանքի զանազան վիճակներուն վերաբերեալ փիլիսոփայական բանաձեւումներով. «Թէեւ քեզի կ՚ըսեն, թէ փոխուած ես, սակայն, դուն այլեւս սորված ես»։

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2023