ԻՐԱՆԱԿԱՆ-ԹՈՒՐԱՆԱԿԱՆ
Իրանի նախագահական ընտրութիւնները յայտնապէս կը կայանան երկու փուլով: Թեկնածուներու ցանկի բիւրեղացումը երեք փուլ ունի: Սահմանադրութիւնը պահպանողներու խորհուրդը ներկայացող բազմաթիւ թեկնածուներու զտումը կը կատարէ։ Ապա, մինչեւ առաջին փուլը տեղի կ՚ունենան թեկնածուներու յետս կոչում, սակայն, առաջին փուլին չի կայանար երկբեւեռ ընտրութիւն: Երկրորդ փուլին, բնականաբար, բեւեռացած:
Այս կարգը բնական ընթացք է նախագահական ընտրութիւններու պարագային տարբեր երկիրներու մէջ եւս: Իրան փաստօրէն ընտրութեան նոյն ընթացքով կ՚իրականացնէ իր նախագահական ընտրութիւնները:
Իրենց թեկնածութիւնը յետս կոչողները կը նկատուին պահպանողական, որոնց քայլը տրամաբանօրէն պիտի նպաստէ հիմնական պահպանողական թեկնածուին: Պահպանողական բնութագիրով ընկալուածը կը նկատուի երկրի հոգեւոր պետով մարմնաւորուած համակարգի թեկնածուն:
Բարեկարգչականի անուան տակ կայ գլխաւոր թեկնածու մը, որ ծագումով ազէրի է եւ չի պահեր, անշուշտ, իր ինքնութիւնը: Հարցախոյզներու արդիւնքներով ան յառաջատար դիրքի վրայ կը գտնուի:
Ի՞նչ կը նշանակէ այս երեւոյթը: Առաջին հայեացքով, անշուշտ, թուրանական գիծը Իրանի պետական կեանքին մէջ կը ստանայ առանցքային կարգավիճակ: Այստեղ առարկութիւնը չ՚ուշանար ընդգծելու համար, որ պետական հիմնարկներու մէջ ներկայութիւն ապահոված ծագումով ազէրիները աւելի իրանցի են՝ քան ազէրի: Կայ, սակայն, քաղաքական այլ բաժին մը այս բոլորին մէջ: Իրանի հասարակարգի ժողովրդավար դիմագիծի հանրայնացման, ինչու չէ նաեւ միջազգայնացման համար անհրաժեշտ է ժողովուրդի մասնակցութեան բարձր համեմատութիւնը, որ նաեւ իր հերթին կ՚ապահովէ ընտրութեան օրինականութիւնը: Ծագումով ազէրի ազգաբնակչութեան ներգրաւումը ընտրութիւններուն եւ այդ առումով մասնակցութեան զանգուածայնացումը պետական առաջադրանք է:
Ամէն ինչ, սակայն, մշակուած է՝ որքան ալ կանխորոշման տեսութեան չէզոքացման գործողութիւններ կիրարկուին: Չի բացառուիր, որ յառաջատար դիրք գրաւած բարեկարգչականը զիջի պահպանողական թեկնածուին, երբ երկրորդ փուլին պահպանողական միւս թեկնածուներուն քուէները ուղղորդուին՝ այս պարագային միացեալ թեկնածուի կարգավիճակ ստացած Ճելիլիին:
Յիշենք, որ հայկական հարցերու ուղղութեամբ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը կը յայտարարէր, որ իր երկիրը դէմ է թէ՛ սահմաններու եւ թէ ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան: Ընտրութիւններու նախաշեմին նման յայտարարութեամբ ան պարզ կը դարձնէր, որ Իրանի դիրքորոշումը անփոփոխ է Սիւնիքի ստանալիք կարգավիճակին ուղղութեամբ: Նորութիւնը այն էր, որ ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութիւնը եւս անընդունելի նկատելով՝ Իրանի ներկայացուցիչը յստակ կը դարձնէր, որ դէմ է «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի գաղափարին:
Երեւանի մօտ Իրանի դեսպանը կը վերահաստատէր սահմաններու անփոփոխելիութեան իր պետութեան վճռականութիւնը՝ աւելցնելով, որ անընդունելի է աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւն տարածաշրջանին մէջ:
Յայտարարութեան երկու բաղադրիչներն ալ բազմաթիրախային են եւ ուղղուած են տարածաշրջանի գլխաւոր խաղացողներուն: Կեդրոնացումը դարձեալ Սիւնիքի վրայ է, որ ստացած է աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն: Հիւպատոսութիւն բանալու Իրանի որոշումին միացած են Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնն ու Ֆրանսան: Մինչ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ խօսիլ տարածաշրջանի ապաշրջափակման իր պատկերացումներուն մասին:
Օ՚Պրայընի յայտարարութիւնը առ այն, որ տարածաշրջանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները այժմ աշխարհի այլ վայրեր արտածումները կը կատարեն միայն Չինաստանի կամ Ռուսաստանի տարածքով եւ որպէսզի ելք ունենան, պէտք է աշխատին արտածում կատարել Ատրպէյճանի տարածքով:
Հարցին աշխարհաքաղաքականացումը կը փաստէ նաեւ այս անգամ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարը, որ պարզ կը դարձնէ իր երկրէն մեկնարկելի նոր երթուղիներու նախագիծը: Վերջին տասնամեակներուն տեղի ունեցած են բազմաթիւ փոփոխութիւններ, որոնց հիմամբ ստեղծուած են նոր փոխադրամիջոցային եւ գումակային միջանցքներ բանալու կարելիութիւններ: Շատ կը խօսուի Հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցային ուղիի մասին, որուն իբրեւ առանցք՝ բազմաթիւ պետութիւններու համար կարեւոր դերակատարում ունի Ճապահարի նաւահանգիստը:
«Իբրեւ այլընտրանքային ճամբայ կը դիտարկուի նաեւ միջինասիական միջանցքը (Միջին միջանցքը): Պիտի ըլլան նաեւ այլընտրանքային ուրիշ տարբերակներ, որովհետեւ նախկին բոլոր միջանցքները հիմնադրուած են ութ-ինն տասնամեակ առաջ եւ անոնց ներուժներն ու կարելիութիւնները մշակուած են», նշած է Օ՚Պրայըն:
Իրանի ընտրութիւնը պահանողական-բարեկարգչական երկուութեան տարազին տակ կը պահէ իրանական-թուրանական առանցքներու խնդիրը: Նախադրեալները այնպէս են, որ անկախ նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներէն՝ հոգեւոր պետով մարմնաւորուած համակարգի ճշդած արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները կը մնան անփոփոխ:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի