ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ-Ի ՀԵՏ ԴԷՊԻ ՆՈՐ ԱԹՈՄԱԿԱՅԱՆԻ ԿԱՌՈՒՑՈՒՄ

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ անդրադարձաւ նոր աթոմակայանի մը կառուցման հեռանկարներուն։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ աշխատանքային գործընթացը առարկայական փուլ թեւակոխած է՝ նոր աթոմակայանի մը կառուցման հարցին մէջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Գրիգորեան երէկ Երեւանի մէջ մասնակցութիւն բերաւ «Հայաստան-Արեւելեան գործընկերութիւն-Եւրոմիութիւն. մարտահրաւէրներ ու հնարաւորութիւններ» խորագրեալ ասուլիսին։ Ան այս հաւաքոյթի ընթացքին ըսաւ. «Նոր աթոմակայանի կառուցման վերաբերեալ մտած ենք շատ առարկայական փուլ։ Հիմա մենք ԱՄՆ-ի հետ կը քննարկենք իրաւապայմանագրային դաշտը կարգաւորելու հարցը, առանց որու չենք կրնար յառաջ ընթանալ։ Կրնամ ըսել, որ այս պահուն գնդակը ԱՄՆ-ի դաշտին մէջ է։ Մենք կ՚ակնկալենք ԱՄՆ-ի ներքին համակարգային գործընթացներուն կատարուիլը եւ այնուհետեւ սկսինք աշխատիլ»։

Արմէն Գրիգորեան նոյն հաւաքի ընթացքին նշեց, որ Հայաստանի դիմակայութեան բարձրացման կարեւոր նախապայմաններէն մին կը համարուի տնտեսութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներէ ներս յարաբերութիւններու զանազանութիւնը։ Իր խօսքով՝ այդ դիմակայութիւնը երկրի հարեւաններու դէմ չէ, որովհետեւ սա անոնց տեսակէտէ ալ շահեկան է։

Ի լրումն այս բոլորին, Արմէն Գրիգորեան նշեց, որ Երեւանի օրակարգին վրայ կը գտնուին այն բոլոր հարցերը, որոնք միջազգային զանազան զեկոյցներու մէջ կը մատնանշուին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 4, 2024