7.5 ԺԱՄ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ան­գա­րա­յի մէջ հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ձե­ւա­ւո­րե­լու ուղ­ղեալ ո­րո­նում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ, ե­րէկ, ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան եւ ՃՀՓ­-ի սկզբնա­կան տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րու հանգ­րուա­նը հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ «Ան­գա­րա Փա­լաս» պե­տա­կան հիւ­րա­տան մէջ 7.5 ժամ տե­ւե­ցին եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րուն քննար­կում­նե­րը։ Սա միջ­կու­սակ­ցա­կան հան­դի­պում­նե­րուն հին­գե­րորդն էր։ Հի­մա պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րը ար­դիւնք­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ տե­ղե­կագ­րեր պատ­րաս­տե­լով պի­տի ներ­կա­յաց­նեն կու­սակ­ցա­պետ­նե­րուն։ Այդ տուեալ­նե­րու լոյ­սին տակ պի­տի յստա­կե­նայ նաեւ այս գոր­ծըն­թա­ցին ճա­կա­տա­գի­րը։ Կու­սակ­ցա­պետ­նե­րու դիր­քո­րո­շում­նե­րուն զու­գա­հեռ պի­տի ճշդուի, թէ միջ­կու­սակ­ցա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին կամ ոչ։ Ե­թէ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան եւ ՃՀՓ­-ի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը հա­մո­զուին, թէ բա­ւա­րար ու գո­հա­ցու­ցիչ հա­մա­ձայ­նու­թեան դաշտ մը ստեղ­ծուած է, ա­պա պի­տի շա­րու­նա­կեն այդ ճա­նա­պար­հը։

Էօ­մէր Չե­լիք, որ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը կը գլխա­ւո­րէր, նշեց, թէ փո­խա­դարձ յար­գան­քի ծի­րին մէջ ՃՀՓ­-ի հետ քննար­կած են բո­լոր խնդիր­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, ար­ծար­ծուած են նաեւ այն նիւ­թե­րը, ո­րոնց շուրջ եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայ­նու­թեան հաս­նի­լը ան­կա­րե­լի է։ Կու­սակ­ցու­թեան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը այ­սօ­րուը­նէ սկսեալ պատ­րաստ է ար­դիւնք­նե­րու վե­րա­բե­րեալ զե­կուց­ման, սա­կայն ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցը պի­տի ճշդուի Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի կող­մէ։

Իր կար­գին, ՃՀՓ­-ի պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը գլխա­ւո­րած Հա­լուք Քոչ նշեց, թէ կարգ մը նիւ­թե­րու շուրջ գո­յու­թիւն ու­նին հիմ­նա­կան տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ, այլ նիւ­թե­րու պա­րա­գա­յին ալ կը հա­մընկ­նին կող­մե­րու մօ­տե­ցում­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, աշ­խա­տանք տա­րուած է՝ որ­պէս­զի այս նուրբ օ­րե­րուն եր­կի­րը ա­ռանց կա­ռա­վա­րու­թեան չթո­ղե­լու խմո­րում­նե­րը կա­տա­րուին։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին այ­լեւս կու­սակ­ցա­պետ­նե­րուն հետ պի­տի ո­րո­շուի մնա­ցեա­լը։

Ան­գա­րա­յէ հա­սած լու­րե­րուն հա­մա­ձայն, ե­թէ հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան մը ձե­ւա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ մթնո­լորտ մը ստեղծուի, ա­պա կու­սակ­ցա­պետ­նե­րը պի­տի մէկ­տե­ղուին այս շաբ­թուան մէջ, Բարձ­րա­գոյն զի­նուո­րա­կան խոր­հուր­դի ժո­ղով­նե­րու ա­ւար­տին։

Փոխ-վար­չա­պետ Պիւ­լենտ Ա­րընչ յայ­տա­րա­րեց, թէ ե­թէ ՃՀՓ­-ի հետ ար­դիւն­քի մը հաս­նիլ հնա­րա­ւոր չըլ­լայ, ա­պա ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը պի­տի ուղ­ղուի դէ­պի ՄՀՓ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2015