ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՄՏԱՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐԸ՝ ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ԱՊԱԳԱՅԻ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼ

Երեւանի մէջ կազմակերպուած Ազգային երիտասարդական համաժողովը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Ընդհանուր առմամբ, եռօրեայ խտացեալ ծրագիրը բաւարարեց նոր սերունդի ներկայացուցիչները, որոնք համախմբուեցան համահայկական այս ձեռնարկին առթիւ։ Բոլորի տպաւորութիւնը այն էր, թէ երիտասարդութեան մտահորիզոնները կը համարուին հայութեան տեսակէտէ յուսադրիչ ապագայի մը նախադրեալը։

Համաժողովի վերջին օրը ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Ֆրանսայէն՝ Վիենի փոխ-քաղաքապետ Լեւոն Մակունց։ Օրուան աշխատանքը շարունակուեցաւ  «Մտածելակերպի փոփոխութիւն. Հայաստանը՝ որպէս մշտական տուն» խորագրեալ փանելով։ Ատենախօսներն էին՝ Հայաստանի կառավարութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի Հայրենադարձութեան եւ համարկման կեդրոնի ծրագրերու ղեկավար Մարկարիթա Պաղտասարեան, «Repat Armenia» հիմնադրամի տնօրէն ու համահիմնադիր Վարդան Մարաշլեան, «Գրադարակ գրադարաններ» հասարակական կազմակերպութեան համահիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն Արուսիկ Զէյնալեան, OQNI հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր ու գլխաւոր գործադիր տնօրէն Հայկ Բագրատեանց եւ «Zanazan Studio»ի ճարտարապետ Շահէ Սիմոնեան: Նիստը վարեց BIG MIND կրթական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն Յակոբ Մակտիս։ Քննարկումներու ժամանակ կարեւորուեցան հայրենադարձութեան եւ Հայաստանէ ներս ձեռներէցութեան, արտադրութեան նիւթերը։

Աշխատանքներու աւարտին Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան ընթերցեց համաժողովի եզրափակիչ յայտարարութիւնը: Զուգահեռաբար տեղի ունեցաւ «Ստեղծուած է երիտասարդներու կողմէ» խորագրեալ ցուցադրութիւնը, որու շրջանակներուն մէջ ներկայացուեցան Հայաստանէ ներս երիտասարդներու կողմէ ստեղծուած վաճառանիշերու գործունէութիւնն ու արտադրանքը։

Համաժողովի մասնակիցները ծրագրի ի կատար ածուելէն վերջ իրարմէ հրաժեշտ առին՝ միասնաբար ընթրելով «Վան Արդի» գինեգործարանին մէջ, ուր երաժշտական ծրագիր մըն ալ գործադրուեցաւ։

Հարկ է նշել, որ այս համաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-էն Պիանքա Սարըասլան, որ հետեւեցաւ եռօրեայ քննարկումներուն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 4, 2023