ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Լիբանանահայ լրատուամիջոցները արձագանգ հանդիսացան վերջերս Պրիւքսելի մէջ կազմակերպուած շահեկան գիտաժողովի մը, որու ընթացքին բազմակողմանի քննարկումներ ծաւալուած են՝ հեղինակաւոր գիտնականներու կողմէ ներկայացուած զեկուցումներով հանդերձ։ Թէեւ գիտաժողովը տեղի ունեցած է Պէյրութի մէջ, սակայն անոր նիւթը հետաքրքրութիւնը ինքնաբերաբար կը գրգռէ աշխարհի բոլոր անկիւններուն հաստատուած հայերը. «Հայութեան տեղաշարժերն ու փոխակերպումները 20-րդ դարուն եւ 21-րդ դարու սկիզբին»։ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի եւ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած գիտական հաւաքոյթ մը եղած է այս մէկը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք լիբանանահայ լրատուամիջոցներուն մէջ այս կապակցութեամբ հրապարակուած մանրամասնութիւնները։
*
Բարիգալուստի բացման խօսքին մէջ, Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան ընդգծեց, որ «այս գիտաժողովը կը նպատակադրէ՝ հայագիտութեան տարբեր մարզերու մշակները հրաւիրել որ նորովի դիտարկեն, վերջին երեսնամեակի հայ քաղաքական իրականութեան վերածնունդին՝ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու հռչակումին ելակէտէն դիտեն մեր մօտիկ անցեալի 120 տարին, ըստ այդմ ուղեգիծեր ճշտեն եւ նորատեսակ ընթացք առնէ հայութեան կենսագործունէութիւնը»:
Գիտաժողովին հեռակայ, կարճառօտ ելոյթ մը ունեցա 2022 Ապրիլէն Արցախի պետական նախարարի տեղահանուածներու եւ փախստականներու, ընկերային աշխատանքի, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հետ համագործակցութեան հարցերով խորհրդական Էլինա Մխիթարեան։
Ողջոյնի իր գիրին մէջ, զոր ընթերցեց տքթ. Էտկար Յովհաննիսեան, Հայաստանի Պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ փրոֆ. Սրբուհի Գէորգեան ընդգծեց, որ «քննարկուղ հարցերու շրջանակը ոչ միայն ակադեմական հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ, այլեւ շարք մը հիմնախնդիրներու կիրառական լուծումներ կրնայ առաջադրել: Հայ եկեղեցիի, համահայկական բազմաթիւ այլ հասարակական-քաղաքական կառոյցներու, հայկական մշակոյթի, հայ ինքնութեան, հայութեան աշխարհընկալման, հայոց ցեղասպանութեան եւ հայկական պետականութեան հանդէպ մեր ընկալումներու յարափոփոխ ընթացքի ուսումնասիրութիւնն ու անոր գնահատումը թէ՛ արդիական է եւ թէ գնահատելի: Յոյս ունինք, որ հարցերու այս շրջանակի քննարկումը մեզ հնարաւորութիւն կու տայ առաւել պատրաստ դիմագրաւել գալիք փոխակերպումները»:
Գիտաժողովի պաշտօնական բացման հիւր բանախօս փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեան իր՝ «Ի. դարում տեղաշարժերով պայմանաւորուած հայութեան փոխակերպման գործընթացի փուլերը» զեկոյցին մէջ հայկական փոխակերպման գործընթացները բաժնեց երեք տարբեր փուլերու, եւ ներկայացուց հայութեան՝ այդ փուլերուն ընթացքով տեղի ունեցած կենցաղային, ընկերային, լեզուա-մըշակութային եւ այլ հիմնական փոխակերպումները։
Պաշտօնական բացման նիստի փակման իր խօսքին մէջ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. տքթ. Փոլ Հայտոսթեան հարց բարձրացուց, թէ «Մեր ազգային պետական կամ ոչ-պետական իրականութեան մէջ, որո՞ւ պարտականութիւնն է բիւրեղացնել այնպիսի ռազմավարութիւն մը, որ պիտի նպաստէ հայկական ապահովութեան-անվը-տանգութեան, ազգային, կրթադաստիարակչական, ռազմական, զինուորական, լեզուական, բարոյակրօնական, ընկերային, տնտեսական, կենսոլորտային, cyber, եւ այլ ոլորտներուն» եւ նկատեց՝ «Սփիւռքեան լայն տարածքին վրայ կենսական է, որ ռազմավարութիւնները ունենան պատմական, գիտական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ մշակութային խորք, որ կը հասնի Երեւանէն շատ անդին եւ կը կարգաւորէ ընդհանրական հայկականութեան գոյութիւնը»:
Գիտաժողովի յաջորդող երկու օրերուն՝ սահիկաշարերով (powert point) ներկայաց-ւեցան 17 զեկոյցներ: Փրոֆ. Վաչագան Գրիգորեան վերլուծեց Ի. դարու հայ արձակի փոխակերպումները, տքթ. Յակոբ Չոլաքեան մանրամասնեց արեւմտահայերէնի փոխակերպումները, փրոֆ. Քլոտ Արմէն Մութաֆեան կատարեց պատումը Կարպատեան Եւրոպայի հայերուն՝ 1900-էն ի վեր, փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեան (հեռակայ)՝ լուսաբանեց Մուսա լերան հայերու փոխակերպումները, տքթ. Լուսինէ Սահակեան՝ համշէնահայերու Ի. դարու արտագաղթերու հետեւանք ինքնութենական փոխակերպումներու մարտահրաւէրները, տքթ. Կարէն Մկրտչեան քննարկեց Իրանի հայօճախի 1979-2020 շըր-ջանի տեղաշարժերուն հետեւանքով յառաջացած ընկերային-կրթական խնդիրները, տքթ. Անի Ֆիշենկճեան խօսեցաւ սուրիահայերու 1946-2010 շրջանի տեղաշարժերուն եւ ասոնց հետեւանք՝ փոխակերպման մարտահրաւէրներուն մասին, վեր. տքթ. Փոլ Հայտոսթեան լուսարձակի տակ առաւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիին փոխակերպումները, տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան գնահատումը կատարեց Հայ Եկեղեցւոյ հաստատութենական աշխարհիկացման՝ ԺԹ.-ԻԱ. դարերուն, տքթ. Ռաֆֆի Չերչեան քննեց հայ կրօնական ճարտարապետութեան մէջ յառաջացած փոխակերպումները, տքթ. Էտկար Յովհաննիսեան կեդրոնացաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 1920-30-ականներուն ապրած տարագրութեան եւ փոխակերպումի դրուագներուն վրայ, տքթ. Լիլիթ Յովհաննիսեան լուսաբանեց յետանկախական հայրենի պատմագրութեան փոխակերպումները՝ հայկական հարցի 1878-1923 շրջանի դիւանագիտական երեսակներու լուսաբանման առընչութեամբ, Վիլէն Մնացականեան մանրամասնեց Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական քաղաքականութեան փոխակերպումը՝ ծրագրային եւ շուկայական տնտեսութեան ժամանակաշրջաններուն, տքթ. Խաչիկ Մուրատեան բացայայտեց հայոց ցեղասպանութեան ուսուցման փոխակերպումները՝ անցեալ, ներկայ եւ նոր ուղղութիւններու համապատկերին մէջ, տքթ. Յակոբ Թադէոսեան վերլուծեց հայրենասիրութեան ընկալման եւ դրսեւորումներու ընկերահոգեբանական փոխակերպումները, Յարութ Սասունեան արծարծեց սփիւռքի ներկայացուցչականութեան փոխակերպումները եւ սփիւռքահայ խորհրդարանի մեկնարկման ծրագիրը, իսկ Տիգրան Եկաւեան քննարկեց Հայաստանի Հանրապետութիւն-սփիւռք փոխյարաբերութիւններու փոխակերպումները:
Գիտաժողովի առաջին օրուան Բ. նիստին տեղի ունեցաւ փրոֆ. Մութաֆեանի նորագոյն՝ «Jérusalem et les Arméniens jusqu’à la conquête ottomane (1516)» գիրքին շնորհանդէսը, ուր տքթ. Տագէսեան ներկայացուց անխոնջ եւ բեղուն գիտնականին վաստակը, իսկ հեղինակը ներկայացուց հատորը եւ հատորին ընդմէջէն՝ հայութիւնը Երուսաղէմի մէջ մինչեւ ԺԶ. դարասկիզբ:
Գիտաժողովի ութ նիստերը վարեցին Վաչագան Գրիգորեան, Արմէն Իւրնէշլեան, Խաչիկ Մուրատեան, Էտկար Յովհաննիսեան, Խաչատուր Ստեփանեան, Անդրանիկ Տագէսեան եւ Եղիա Թաշճեան:
Զեկուցողներէն իւրաքանչիւրին յատկացուած էր կէս ժամ, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի խորքային-վերլուծական-քննական ու գործնական յառաջադրանքներ ներկայացնել:
Գիտաժողովին մէջ յատկանշական էին զուգահեռները՝ Մուսա լերան, Համշէնի եւ Կարպատեան Եւրոպայի հայկական, ինչպէս նաեւ Իրանի ու Սուրիոյ հայօճախներու ենթախումբերուն միջեւ: Համապատկերային բնոյթ կը կրէին լեզուի եւ գրականութեան գիտական մեկնաբանութիւնները: Հաստատութենական առումով ուշագրաւ էին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայ Աւետարանական եւ Առաքելական եկեղեցիներուն նուիրուած քննարկումները: Յղացք-հասկացութենական (conceptual) առումով շահեկան էին հայրենասիրութեան, պատմագրական մեկնաբանութեան, ճարտարապետական վերլուծութեամբ մեկնաբանուած զեկոյցները: Կարեւոր նորութիւն էր տնտեսական բնագաւառին եւ հոգեբանութեան ելակէտէ մեկնած նիւթերուն ընդգրկումը. ասոնք կենսական այլ երեսակներ աւելցուցին գիտաժողովին եւ զայն դարձուցին առաւել ընդգրկուն: Եւ, անշուշտ, ընդգծելի էին հայութեան եռամիասնութեան՝ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք կառոյցներու կառավարման-ներկայացուցչականութեան եւ փոխգործակցութեան նուիրուած տեսլական եւ քննական զեկոյցները:
Աննախընթաց գիտաժողով մը եղաւ այս մէկը, ուր շեշտը դրուած էր հայութեան վերջին 120-ամեայ իրականութեանց, նորագոյն այս հանգրուանի խնդիրներու քննարկման եւ դէպի ապագայ նայելու հրամայականին, ելակէտ ունենալով պետականութեան փաստը:
Գիտաժողովի ընթացքին նկատելի դարձան Հայաստան-սփիւռք թիւրիմացութիւններու առկայութեան նուազումը, երիտասարդ սերունդ եւ աւանդական մօտեցումներ բախումը, բայց մանաւանդ հայ իրականութեան վարումի, ապագայի ծրագրաւորումի խնդիրներուն հրատապաութեան զգացողութիւն-գիտակցութիւնը եւ լուծումներու անհրաժեշտութիւնը:
Գիտաժողովին ընթացքին յառաջացաւ ջերմ, ազատ, անմիջական միջավայր մը: Նորատեսակ այս հարթակին նախանձախնդիր, երկար քննարկումներուն եւ վերլուծումներուն, միտքերու բախումին, որոնումներուն, յղկումին, բիւրեղացումին մասնակցեցան գիտաժողովին ներկայ եղած հիւրեր, երիտասարդներ, որով գիտաժողովին բարձրաձայնուած խնդիրները հանրայնացուեցան եւ քայլ մը եւս առնուեցաւ հանրութիւնը առաւել մասնակից դարձնելու նման հրատապ հարցերու արծարծման:
Տեղին է նշել, թէ գիտաժողովին առաջին հանգրուանը տեղի ունեցած էր 29-30 Յունիս 2022ին, ՀՊՄՀի մէջ: Այս երկրորդ գիտաժողովը որոշակիօրէն յստակ դարձուց հայ իրականութեան անելիքներուն ծիրը եւ խթան կը հանդիսանայ, որ շարքին երրորդը աւելի նպատակաուղղուած յառաջադրանքներով կիրառելիութեան գործիքակազմեր եւ գործընթացներ առաջարկէ յօգուտ հայ իրականութեան աւելի բարենպաստ ապագայի: