«ԿՈՐՈՒՍԵԱԼ ԹՌՉՈՒՆՆԵՐ» ԺԱՊԱՒԷՆԸ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
1915-ի իրադարձութիւններէն հարիւր տարի անց պատմական դէպքերը պաստառ կը բարձրանան երկու մանուկներու հայեացքով՝ «Կորուսեալ թռչուններ» շարժապատկերի միջոցով։ Ժապաւէնը պատրաստուած է Մշակոյթի նախարարութեան նեցուկով եւ անոր հեղինակներն ու բեմադրիչներն են Առէն Փերտեճի եւ Էլա Ալեամաչ։ «Կորուսեալ թռչուններ» ժապաւէնը առաջին երկարամեթրաժ ֆիլմն է, որ Մեծ եղեռնի վերաբերեալ նկարահանուած է Թուրքիոյ մէջ։
Ժապաւէնը կը պատմէ հայկական գիւղի մը մէջ, հարուստ ընտանիքի մը զաւակներուն՝ Պետոյին եւ Մարիամին որոնումները. անոնք գիշերուան մը ընթացքին կորսնցուցած են իրենց ընտանիքները։ Հոկտեմբեր 30-ին այս ժապաւէնը ցուցադրուիլ պիտի սկսի շարժարուեստի դահլիճներուն մէջ։ Մինչ այդ անցեալ շաբաթ ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ Վաքըֆլըգիւղի մէջ։