ԲՆԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ

Մարդ կը մաս­նակ­ցի ի­մաս­տու­թեան եւ բա­րու­թեան Ա­րար­չին, որ կու տայ ա­նոր իր ա­րարք­նե­րուն տի­րա­պե­տե­լու եւ ինք­զինք կա­ռա­վա­րե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը, ճշմար­տու­թեան եւ բա­րիին հաս­նե­լու հա­մար։

Այս ի­մաս­տով «բնա­կան օ­րէնք»ը կ՚ար­տա­յայ­տէ սկզբնա­կան բա­րո­յա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը՝ որ թոյլ կու տայ մար­դուն իր բա­նա­կա­նու­թեամբ զա­նա­զա­նե­լու ի՛նչ որ բա­րի է եւ չար, ի՛նչ որ ճշմար­տու­թիւն է եւ սուտ։ Ու­րեմն «բնա­կան օ­րէնք»ը բա­րո­յա­կան օ­րէն­քին մէկ ար­տա­յայ­տու­թիւնն է, ինչ­պէս՝ յա­ւի­տե­նա­կան օ­րէն­քը, յայտ­նուած օ­րէն­քը, քա­ղա­քա­ցիա­կան օ­րէն­քը, ե­կե­ղե­ցա­կան օ­րէն­քը, բո­լորն ալ հա­մա­զօ­դուած ի­րա­րու։ Բնա­կան օ­րէն­քը գրուած ու փո­րագ­րուած է հո­գիին մէջ բո­լոր մար­դոց եւ մար­դոց իւ­րա­քան­չիւ­րին, քա­նի որ ան «մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թիւն»ն է, որ կը հրա­մա­յէ գոր­ծել բա­րին եւ կ՚ար­գի­լէ մե­ղան­չել։ Բայց մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թեան այս պա­տուէ­րը չի կրնար օ­րէն­քի զօ­րու­թիւն ու­նե­նալ, ե­թէ ան միան­գա­մայն չըլ­լայ ձայնն ու թարգ­մա­նը ա­ւե­լի բարձր ի­մա­ցա­կա­նու­թեան մը՝ ո­րուն հպա­տա­կե­լու են մարդ­կա­յին միտքն ու մարդ­կա­յին ա­զա­տու­թիւ­նը։ Բնա­կան օ­րէն­քը՝ որ աս­տուա­ծա­յին է միան­գա­մայն, ցոյց կու տայ մար­դուն այն ճամ­բան՝ ո­րուն ան պի­տի հե­տե­ւի, գոր­ծե­լու հա­մար «բա­րի»ն եւ հաս­նե­լու հա­մար իր վախ­ճա­նին։

«Բնա­կան օ­րէնք»ը ցոյց կու տայ ա­ռա­ջին եւ էա­կան պա­տուէր­նե­րը՝ ո­րոնք կը կա­ռա­վա­րեն բա­րո­յա­կան կեան­քը։

«Բնա­կան օ­րէնք»ը իբ­րեւ ա­ռանցք ու­նի Աս­տու­ծոյ տեն­չը եւ հնա­զան­դու­թիւ­նը, աղ­բիւր եւ դա­տա­ւոր ա­մէն «բա­րի»ի, ինչ­պէս նաեւ ըմբռ­նու­մը «ու­րիշ»ին կամ իր «նման»ին՝ իբ­րեւ հա­մա­հա­ւա­սար իր «անձ»ին։ Ան ցու­ցա­կագ­րուած է Տաս­նա­բա­նեա­յին մէջ իր գլխա­ւոր պա­տուէր­նե­րուն տակ։

«Բնա­կան օ­րէնք» կո­չուած է ան եւ բնա­կան է՝ ո՛չ թէ ան­բան ա­րա­րած­նե­րուն հետ, ա­նոնց բնու­թեան հետ ա­ռըն­չու­թիւն ու­նե­նա­լուն հա­մար, այլ ո­րով­հե­տեւ զայն հրա­հան­գող բա­նա­կա­նու­թիւ­նը կը պատ­կա­նի մարդ­կա­յին բնու­թեան իբ­րեւ ա­նոր սե­փա­կա՛ն։

Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս կ՚ը­սէ.

«Ու­րեմն ո՞ւր ար­ձա­նագ­րուած են այս կա­նոն­նե­րը, ե­թէ ո՛չ այն լոյ­սի մա­տեա­նին մէջ՝ զոր կը կո­չեն ճշմար­տու­թիւն։ Հոն է որ ար­ձա­նագ­րուած է ա­մէն ար­դար օ­րէնք, ան­կէ է որ ան կ՚անց­նի ար­դա­րու­թիւն գոր­ծող մար­դուն սրտին մէջ, ո՛չ թէ հոն գաղ­թե­լով, հա­պա հաս­տա­տե­լով ա­նոր մէջ իր դրոշ­մը, նման կնի­քի մը՝ որ մա­տա­նիէն կ՚անց­նի մո­մին ա­ռանց լքե­լու մա­տա­նին»։­

Իսկ Սուրբ Թով­մաս Ա­քուի­նա­ցի կ՚ը­սէ.

«Բնա­կան օ­րէն­քը ու­րիշ բան չէ ե­թէ ոչ՝ լոյ­սը բա­նա­կա­նու­թեան՝ որ դրուած է մեր մէջ Աս­տուծ­մէ, ա­նով կը ճանչ­նանք ի՛նչ որ պէտք է կա­տա­րենք եւ ի՛նչ որ չկա­տա­րենք, ի՛նչ բա­նէ պէտք է զգու­շա­նանք, հե­ռու պա­հենք մենք զմեզ։ Այս լոյ­սը կամ այս օ­րէն­քը Աս­տուած մար­դուն տուած է ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան պա­հուն»։

Բ­նա­կան օ­րէն­քը՝ որ ներ­կայ է իւ­րա­քան­չիւր ան­ձի սրտին մէջ եւ վե­րա­հաս­տա­տուած՝ ա­նոր բա­նա­կա­նու­թեան կող­մէ, ընդ­հան­րա­կան է իր պա­տուէր­նե­րուն մէջ. իսկ իր իշ­խա­նու­թիւնն ալ կը տա­րա­ծուի բո­լոր մար­դոց վրայ։ Ան կ՚ար­տա­յայ­տէ ան­ձին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը եւ կը սահ­մա­նէ հիմն ա­նոր ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ ա­նոր հիմ­նա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն։

Մար­կոս Թու­լիուս Չի­չե­րօ կ՚ը­սէ.

«Ան­շուշտ ճշմա­րիտ օ­րէնք մը գո­յու­թիւն ու­նի, ա­նի­կա ու­ղիղ ի­մա­ցա­կա­նու­թիւնն է. ան հա­մա­ձեւ է բնու­թեան հետ, սփռուած՝ բո­լոր մար­դոց մօտ, ան ան­փո­փո­խե­լի եւ յա­ւի­տե­նա­կա՛ն է։ Ա­նոր հրա­հանգ­նե­րը պար­տա­կա­նու­թեան կո՛չ մըն են։ Ա­նոր դրած արգելք­նե­րը կը զգու­շաց­նեն յան­ցան­քէն։ Սրբապղծու­թիւն է ներ­հակ օ­րէն­քով փո­խա­րի­նել զայն։ Ար­գի­լուած է չգոր­ծադ­րել ա­նոր ո­րե­ւէ մէկ տնօ­րի­նու­մը. իսկ զայն ամ­բող­ջու­թեամբ յե­տսկո­չե­լը, ո՛չ ո­քին տրուած է»։

«Բնա­կան օ­րէնք»ին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը բազ­մա­տե­սակ է. ան կրնայ, կեան­քի պայ­ման­նե­րուն բազ­մա­զա­նու­թեան հետ յար­մար­ցուած, խորհր­դա­ծու­թիւն պա­հան­ջել ըստ վայ­րե­րու, ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու եւ պա­րա­գա­նե­րու։ Սա­կայն մշա­կոյթ­նե­րուն զա­նա­զա­նու­թեան պա­րա­գա­յին՝ բնա­կան օ­րէն­քը կը մնայ իբ­րեւ «կա­նոն» մը՝ որ մար­դի­կը ի­րա­րու կը զօ­դէ եւ ան­խու­սա­փե­լի տար­բե­րու­թիւն­նե­րէն ան­դին, հա­սա­րա­կաց սկզբունք­ներ կը պար­տադ­րէ ա­նոնց։

Ար­դա­րեւ բնա­կան օ­րէն­քը ան­յեղ­լի եւ յա­րա­կայ կը մնայ պատ­մու­թեան յե­ղաշր­ջում­նե­րուն մէջ. ան կը գո­յա­տե­ւէ գա­ղա­փար­նե­րու եւ բար­քե­րուն մա­կըն­թա­ցու­թեան տակ եւ թի­կունք կը կանգ­նի ա­նոր յա­ռաջ­դի­մու­թեան։ Զայն ար­տա­յայ­տող կա­նոն­նե­րը կը մնան ըստ ի­րենց էու­թեան վա­ւե­րա­կան։ Նոյ­նիսկ ե­թէ մարդ ժխտէ մին­չեւ իսկ ա­նոր սկզբունք­նե­րը, սա­կայն չի՛ կրնար զայն քան­դել եւ ոչ ալ զայն հա­նել մար­դուն սրտէն։ Ան միշտ կը վե­րըն­ձիւ­ղէ ան­հատ­նե­րուն եւ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն կեան­քին մէջ։

Եւ դար­ձեալ Սուրբ Օ­գոս­տի­նոսն է որ կ՚ը­սէ.

«Գո­ղու­թիւ­նը ստու­գա­պէս պատ­ժուած է Քու Օ­րէն­քիդ կող­մէ, Տէ՛ր, բայց նաեւ այն օ­րէն­քին կող­մէ, որ գրուած է մար­դուն սրտին մէջ եւ զոր ան­բարշ­տու­թիւնն ան­գամ չի ջնջեր»։­

Ա­րար­չին շատ բա­րի գործն է բնա­կան օ­րէն­քը՝ որ կը հայ­թայ­թէ ա­մուր հի­մե­րը՝ ո­րոնց վրայ մար­դը կրնայ կա­ռու­ցա­նել բա­րո­յա­կան օ­րէն­քին ու կա­նոն­նե­րուն շէն­քը, ո­րոնք պի­տի ա­ռաջ­նոր­դեն ա­նոր ընտ­րանք­նե­րը։

Ան կը դնէ նաեւ բա­րո­յա­կան անհ­րա­ժեշտ հի­մը մար­դոց հա­սա­րա­կու­թեան կեր­տու­մին, վեր­ջա­պէս կը հայ­թայ­թէ անհ­րա­ժեշտ հի­մը «քա­ղա­քա­ցիա­կան օ­րէնք»ին՝ որ ա­նոր կը զօ­դուի, ըլ­լա՛յ խորհր­դա­ծու­թեամբ մը, որ ա­նոր սկզբունք­նե­րէն եզ­րա­կա­ցու­թիւն­ներ կը քա­ղէ, ըլ­լա՛յ նաեւ դրա­կան ու ի­րա­կան յա­ւե­լում­նե­րով։

«Բնա­կան օ­րէնք»ին պա­տուէր­նե­րը յստակ ու ան­մի­ջա­կան կեր­պով չեն ի­մա­ցուած բո­լո­րէն։

Ներ­կայ կա­ցու­թեան մէջ, յայտ­նու­թիւ­նը եւ շնորհ­քը անհ­րա­ժե՛շտ են «մե­ղա­ւոր մարդ»ուն հա­մար՝ որ­պէս­զի կրօ­նա­կան եւ բա­րո­յա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րը կա­րե­նան ճանչ­ցուիլ բո­լո­րէն եւ ա­ռանց դժուա­րու­թեան, հաս­տատ ստու­գու­թեամբ եւ սխա­լի խառ­նուր­դէ զե՛րծ։ Բնա­կան օ­րէն­քը յայտ­նեալ օ­րէն­քին եւ շնորհ­քին կը հայ­թայ­թէ հի՛մ մը, որ Աս­տու­ծոյ կող­մէ պատ­րաստուած է եւ յար­մար­ցուած՝ Սուրբ Հո­գիին ներ­գոր­ծու­թեամբ։

Սուրբ Օ­գոս­տի­նոսն է որ դար­ձեալ կ՚ը­սէ.

«Աս­տուած Օ­րէն­քին տախ­տակ­նե­րուն վրայ դրոշ­մեց ի՛նչ որ մար­դիկ չէին կար­դար ի­րենց սրտե­րուն մէջ»։ Ուս­տի Տաս­նա­բա­նեան ա­մէն մար­դու խղճմտան­քին ըն­ծա­յուած լո՛յս մըն է, յայտ­նե­լու հա­մար ա­նոր՝ Աս­տու­ծոյ կո­չը եւ ճա­նա­պարհ­նե­րը, եւ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար զինք չա­րին դէմ։

Քրիս­տո­նեայ ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, սուրբ, բա­րի եւ հո­գե­ւոր Օ­րէն­քը տա­կա­ւին ան­կա­տար է։

Ան, որ­պէս դաս­տիա­րակ ցոյց կու տայ ի՛նչ որ պէտք է ը­նել, բայց ինք­նին չի տար Սուրբ Հո­գիին ու­ժը, շնորհ­քը՝ գոր­ծադ­րե­լու հա­մար զայն…։

Ար­դա­րեւ ա­նոնք որ իշ­խա­նու­թիւն կը վա­րեն, պար­տին հնա­զան­դի՛լ «բնա­կան օ­րէնք»ի տրա­մադ­րու­թեան։

Իշ­խա­նու­թիւն վա­րող­ներ պար­տին իբ­րեւ ծա­ռա­յու­թիւն վա­րել զայն։ Ուս­տի իշ­խա­նու­թեան մը կի­րար­կու­մը բա­րո­յա­պէս չա­փուած է իր տրա­մա­բա­նա­կան ու բա­նա­կան բնու­թեան եւ աս­տուա­ծա­յին ծա­գու­մին եւ յատ­կա­պէս կո­չուած ա­ռար­կա­յին հա­մե­մատ։ Ո՛չ ոք կրնայ հրա­մա­յել կամ կար­գել բան մը՝ որ հա­կա­ռակ է ան­ձե­րու ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան եւ բնա­կան օ­րէն­քին։ Այ­լա­պէս մարդ ի խղճէ պար­տա­ւո՛ր է չհե­տե­ւիլ այն հրա­հանգ­նե­րուն՝ ո­րոնք հա­կա­ռակ են բա­րո­յա­կան կար­գի պա­հանջք­նե­րուն, ան­ձե­րու հիմ­նա­կան ի­րա­ւունք­նե­րուն, ա­զա­տու­թիւն­նե­րուն եւ մա­նա­ւանդ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան, բա­րո­յա­կան ու­սու­ցում­նե­րուն եւ մէկ խօս­քով՝ բա­րո­յա­կան օ­րէն­քի՛ն։ Ա­նայ­լայ­լե­լի եւ մշտնջե­նա­կան սկզբունքն է՝ Կե­սա­րի­նը տալ Կե­սա­րին եւ Աս­տու­ծու­նը՝ Աս­տու­ծոյ (ՄԱՏԹ. ԻԲ 21)։

Ար­դա­րեւ այն վար­չա­ձե­ւե­րը ո­րոնց բնու­թիւ­նը հա­կա­ռակ է «բնա­կան օ­րէնք»ին, հա­կա­ռակ է հան­րա­յին կար­գին եւ ան­ձե­րուն հիմ­նա­կան ի­րա­ւուն­քին ու ար­ժա­նա­պա­տ-ւու­թեան, ա­նոնք չե՛ն կրնար ի­րա­գոր­ծել հա­սա­րա­կաց բա­րի­քը ժո­ղո­վուր­դին եւ ազ­գե­րուն՝ ո­րոնց վրայ պար­տադ­րած են ի­րենք զի­րենք։ Վար­չա­ձե­ւե­րուն բազ­մու­թիւ­նը բա­րո­յա­պէս ըն­դու­նե­լի է, պայ­մա­նաւ որ ա­նոնք գոր­ծակ­ցին ի­րա­ւա­կան բա­րի­քին եւ բնա­կան օ­րէն­քին…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 2, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2015