ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՍԳԱՅ ՆՈՐ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐԸ

Մար­տի­նի Տար­կե­չիթ գա­ւա­ռա­կէն ե­րէկ հա­սաւ չորս ոս­տի­կան­նե­րու նա­հա­տա­կու­թեան դժբախտ լու­րը։ ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան կա­տա­րած ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թեան հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուե­ցան ա­պա­հո­վու­թեան տե­սուչ Իպ­րա­հիմ Հա­լիլ Աք­սօյ, ոս­տի­կան­ներ Ահ­մէտ Ա­քա­լըն, Հիւ­սէ­յին Պալ­թա եւ Ա­քիֆ Հա­թու­նօղ­լու։ Մար­տի­նի կու­սա­կա­լու­թիւ­նը դէպ­քէն ետք հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը, ուր կը նշուի, թէ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը հրդե­հած էին շի­նա­րա­րու­թեան ըն­թաց­քին գտնուող վար­ժա­րա­նի մը շէն­քը եւ ոս­տի­կան­նե­րը կը փու­թա­յին օ­ժան­դա­կե­լու հրշէջ գուն­դի ան­դամ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ գոր­ծադ­րե­լու ա­պա­հո­վու­թեան մի­ջոց­ներ։ Դէպ­քը պա­տա­հած է ա­ռա­ւօ­տեան վաղ ժա­մե­րուն, 06.50-ին, երբ ոս­տի­կա­նա­կան ինք­նա­շար­ժի անց­քի ժա­մա­նակ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը պայ­թե­ցու­ցած են նա­խա­պէս տե­ղադ­րուած պայ­թու­ցիկ­նե­րը։

Նա­հա­տակ ոս­տի­կան­նե­րուն յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­րա­րա­ղու­թիւ­նը կա­տա­րուե­ցաւ ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին։

Միւս կող­մէ, ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Մու­շի մէջ եւս յար­ձա­կե­ցաւ զի­նուո­րա­կան միա­ւո­րի մը։ Մու­շէն Պու­լա­նըք եր­կա­րող ճա­նա­պար­հին տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քին հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րուե­ցան ութ զի­նուոր­ներ։ Ա­նոնց բու­ժու­մը կը շա­րու­նա­կուի։ Ա­պա­հո­վու­թեան ու­ժե­րը մի­ջոց­նե­րու դի­մած են ձեր­բա­կա­լե­լու հա­մար յան­ցա­գործ­նե­րը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2015