ԼԵ­ՒՈՆ Ա­ՐՈ­ՆԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հա­յազ­գի կրոս­մաս­թըր Լե­ւոն Ա­րո­նեան Սենթ Լուի­զի (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ) մէջ ա­ւար­տած ճատ­րա­կի «Սին­քուե­ֆիլտ Քափ»ի մի­ջազ­գա­յին մրցա­շար­քին սեւ քա­րե­րով հա­ւա­սա­րու­թիւն մը ար­ձա­նագ­րե­լէ ետք Վե­սե­լին Թո­փա­լո­վի (Պուլ­կա­րիա) հետ, տի­րա­ցաւ մրցա­շար­քին տիտ­ղո­սին:

Այդ ճա­կա­տու­մէն ետք, Ա­րո­նեան բաժ­նեց իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ պատ­մեց յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիր­նե­րուն մա­սին: «Իմ ա­ռա­ջին հա­մա­կիրս մայրս է: Իմ կա­տա­րե­լիք վեր­ջին մրցու­միս ու­զե­ցի հա­ւա­սա­րու­թիւն մը ար­ձա­նագ­րել, որ­պէս­զի ծնողքս հանգս­տա­նայ: Այս մրցա­շար­քին տի­րա­նա­լը այս տա­րուան իմ լա­ւա­գոյն նուա­ճումս էր: Կը կար­ծեմ, որ այս տար-ւան նուա­զա­գոյն խնդիրս լու­ծե­ցի:

«Մէկ շա­բա­թէն կը մեկ­նիմ Պա­քու, իսկ աշ­խար­հի բա­ժա­կի մրցա­շար­քէն ետք պի­տի մաս­նակ­ցիմ Պեր­լի­նի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք ա­րագ ճատ­րա­կի եւ պլի­ցի աշ­խար­հի ա­խո­յե­նու­թեան», ը­սաւ Լե­ւոն Ա­րո­նեան ու անդ­րա­դար­ձաւ Պա­քուի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք աշ­խար­հի բա­ժա­կի մրցա­շար­քին։ «Դժբախ­տա­բար կու գամ ը­սե­լու, որ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ լա­րուա­ծու­թիւ­նը առ­կայ է: Սա­կայն, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ե­րա­ժիշտ­նե­րը եւ այլ ստեղ­ծա­գործ մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Ատրպէյ­ճան կը մե­նին իբ­րեւ խա­ղա­ղու­թիւն տա­րա­ծող մար­դիկ, ես ալ պի­տի փոր­ձեմ հե­տե­ւիլ ա­նոնց օ­րի­նա­կին:

«Պի­տի փոր­ձեմ ցոյց տալ, որ կը յար­գեմ մեր դրա­ցի եր­կի­րը, պի­տի խա­ղամ լա­ւա­գոյնս եւ պի­տի փոր­ձեմ հա­ճոյք պատ­ճա­ռել տե­ղա­ցի ճատ­րակ խա­ղա­ցող­նե­րուն», յայտ­նեց Լե­ւոն Ա­րո­նեան:

Միւս կողմէ, ՖԻ­ՏԷ-ն հ­րա­պա­րա­կեց աշ­խար­հի հարիւր լա­ւա­գոյն ճատ­րակ խա­ղա­ցող­նե­րուն նոր դա­սա­ւո­րու­մը, ո­րուն մէջ Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նի յա­ռա­ջա­տար Լե­ւոն Ա­րո­նեան (2765) կը գրա­ւէ 11-րդ դիր­քը:

Ա­ռա­ջին հա­րիւ­րին մէջ են նաեւ երկու հայազգի ճատ­րակ խա­ղա­ցող­ներ՝ Գաբ­րիէլ Սարգ­սեան (2679, 61-րդ) եւ Սէր­կէյ Մով­սի­սեան (2658, 89-րդ):

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, պա­րագ­լու­խի դիր­քին վրայ կը գտնուի նոր­վե­կա­ցի Մակ­նիւս Քարլ­սը­ն:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի աղջ­կանց դա­սա­ւոր­ման, ա­ռա­ջին դիր­քը կը գրա­ւէ Հու Եի­ֆան (Չի­նաս­տան, 2671):

Ա­ռա­ջին յիսունին մէջ են նաեւ Է­լի­նա Դա­նիէ­լեան (2474, 27-րդ) եւ Լի­լիթ Մկրտչեան (2440, 40-րդ):

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2015