ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Պեր­լի­նի մէջ Սեպ­տեմ­բեր 5-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ գեր­մա­նա­կան «Հայն­րիխ Պէօլ» հիմ­նար­կի կազ­մա­կեր­պած «Ան­ցեա­լի ներ­կան. 1915-ի հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն 100 տա­րի անց» խո­րագ­րով խորհր­դա­ժո­ղո­վը։ Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս պի­տի գան հիմ­նար­կի տա­րած­քաշրջա­նա­յին ղե­կա­վար Սէր­կէյ Լա­կոտ­թինս­քի եւ Գեր­մա­նա­հայ­կա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Րաֆ­ֆի Քան­թեան։ Հայ, թուրք եւ գեր­մա­նա­ցի պատ­մա­բան­նե­րուն դի­մաց դրուած քննարկ­ման հիմ­նա­կան նիւ­թերն են՝ վե­րապ­րած­նե­րու յու­շե­րը, դա­հիճ­նե­րը եւ այն, թէ ինչ­պէս պէտք է այ­սօր անդ­րա­դառ­նալ այդ հար­ցե­րուն։ Կ՚ակն­կա­լուի, որ խորհրդա­ժո­ղո­վին ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս գան Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի փոխ-նա­խա­գահ Քլաու­տիօ Ռոթ եւ այլ պատ­գա­մա­ւոր­ներ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2015