ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀՐԱԺԵՇՏ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ ա­մե­րի­կա­հայ գոր­ծա­րար ու բա­րե­րար Վա­հագան Յով­նա­նեա­նի փա­ռա­շուք յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը։ Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը, ո­րու կող­քին էին բարձ­րաս­տի­ճան ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ։

Հան­գու­ցեա­լին նկատ­մամբ իր վեր­ջին յար­գան­քը մա­տու­ցե­լու փու­թա­ցած էր նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, ո­րու հետ էին Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Յով­նա­նեան ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րը այս տխուր հրա­ժեշ­տին առ­թիւ ըն­դու­նե­ցին հոծ թի­ւով յու­ղար­կա­ւոր­նե­րու վշտակ­ցու­թիւն­նե­րը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2015