ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ, ՎՐԱՍՏԱՆ, ՌՈՒՄԱՆԻԱ ԵՒ ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՀԱՄԱՏԵՂ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԻՄՆԵՑԻՆ
Ատրպէյճան, Վրաստան, Ռումանիա եւ Հունգարիա որոշեցին համատեղ ընկերութիւն մը ստեղծել՝ Սեւ ծովու յատակով ելեկտրահաղորդման հանգոյց մը անցընելու նպատակով։ Այս քայլը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ, որպէսզի Ատրպէյճանէն աւելի շատ վերականգնեալ, կանաչ ելեկտրական ուժանիւթ մատակարարուի դէպի Եւրոպա։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, յիշեալ չորս երկիրներու կառավարութիւններու նախարարի մակարդակով ներկայացուցիչները երէկ Պուքրէշի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն զուգահեռ ստորագրեցին՝ բաժնետէրերու կողմէ համատեղ ընկերութիւն մը հիմնելու վերաբերեալ փաստաթուղթը։
Ռումանիոյ ուժանիւթի նախարար Սեպաստիան Պորտուժա այս առթիւ յայտնեց, որ սոյն ծրագիրը ռազմավարական նշանակութիւն ունի իր երկրին ու Եւրոմիութեան համար։ «Այս ծրագիրը մեզի համար իսկապէս ազգային անվտանգութեան հարց է։ Մենք շատ կը խօսինք տեսաւորութեան անհրաժեշտութեան մասին։ Եթէ նայինք Եւրոպայի ուժանիւթի քարտէսին, ապա կը տեսնենք, որ արեւելեան թեւին մէջ մենք շատ բարձր գին կը վճարենք անբաւարար տեսակաւորութեան պատճառով։ Մեզի լրացուցիչ միջոցներ պէտք են», ըսաւ ան։
Այս չորս երկիրներու ղեկավարները սոյն նախաձեռնութեան հաւանութիւն տուած էին 2022 թուականին։ Կը նախատեսուի, որ քառակողմանի ձեւաչափին մէջ յաջորդ հանդիպումը տեղի ունենայ՝ նոյեմբերին Պաքուի մէջ կազմակերպուելիք COP29-ի կլիմայի փոփոխութեան համաժողովի օրերուն։ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին պատճառով Եւրոպա կը ձգտի նուազեցնել իր ուժանիւթի կախուածութիւնը ռուսական կողմէն։
ՆՈՐ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ
Միւս կողմէ, Վրաստանն ու Ատրպէյճանն ալ վերջերս երկկողմանի հարթութեան վրայ նոր նախագիծ մը կեանքի կոչել որոշեցին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի երկաթուղային ընկերութիւնները որոշեցին ստեղծել համատեղ ձեռնարկութիւն մը, որ կը կոչուի «BTKI Railways»։ Այս նոր ձեռնարկութիւնը պատասխանատու պիտի ըլլայ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի Մարատպա-Քարցախի հատուածի ենթակառուցուածքային մասին շահագործման ու կառավարման համար։ Ռուսական «Սփութնիք» գործակալութեան վրացական ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի երկաթուղիներու ընկերութեան ղեկավար Ռոշվան Ռուստամով յայտնեց, թէ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղին 2007 թուականին կառուցուած է՝ Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ համաձայնագրի հիման վրայ։ Նախագծի իրականացումը սկսած էր 2008 թուականին, իսկ այս երկաթգիծով բեռնափոխադրումներու բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած էր 2017 թուականի հոկտեմբերին։ Այժմ կ՚ակնկալուի, որ նախագծի գործարկումէն յետոյ բեռնափոխադրութիւնը տարեկան 1 միլիոն թոնէն բարձրացուի 5 միլիոն թոնի։
Անդրկասպեան միջազգային փոխադրութեան երթուղին ստեղծուած է 2014 թուականի փետրուարին՝ Ատրպէյճանի, Ղազախիստանի եւ Վրաստանի ծովային ու երկաթուղային փոխադրութեան ոլորտէ ներս յառաջատար ձեռնարկութիւններու մասնակցութեամբ։ Վրաստանի տարանցիկ դերը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի տնտեսութեան զարգացման հարցին մէջ՝ հաշուի առնելով Չինաստանի, Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան հետ ազատ առեւտուրի վերաբերեալ բոլոր համաձայնութիւնները։
Վրաստանի դերը ուժեղացնելու նպատակով ներկայիս կ՚իրականացուի Արեւելք-Արեւմուտք ճանապարհահատուածի մէկ մասի կառուցման ծաւալուն նախագիծը, որ այդ երկրի տարածքով կը կապէ Ասիան եւ Եւրոպան։