ՀԱՄԱՉԱՓ ԳՈՐԾԵԼՈՒ ԿՈՉ

Մերձաւոր Արեւելքի արիւնալի իրադարձութիւնները կը բնորոշեն ամբողջ աշխարհի օրակարգը։ Լայնածաւալ պատերազմի վտանգը վաղուց զգալի է՝ համատարած մտահոգութեան պայմաններուն ներքեւ։ Մինչ մօտաւոր ապագայի իրադարձութիւններուն բոլորը կը սպասեն մտահոգութեամբ, «The Washington Post»ին մէջ այս առումով ուշագրաւ տեղեկութիւններ լոյս տեսան։ Սեփական աղբիւրներու հաղորդումներու հիման վրայ տեղեկացուած է, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները հաւաստիացուցած են, թէ անհրաժեշտ չեն համարեր Իրանի դէմ անյապաղ յարձակում մը իրականացնել՝ ի պատասխան անոր վերջին հրթիռային հարուածներուն։

ԱՄՆ-ի վարչակազմէն քանի մը բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, որոնք նախընտրած են մնալ անանուն, նշած են, որ ըստ Իսրայէլի պաշտօնատարներուն՝ Իրանին անյապաղ կամ լայնածաւալ պատասխան-հարուած մը տալու անհրաժեշտութիւն խնդրոյ առարկայ չէ։

Յամենայնդէպս, ԱՄՆ-ը եւ Եւրոպան կը վախնան, թէ Իսրայէլ կրնայ յարձակիլ Իրանի տնտեսական թիրախներուն վրայ։ Արդարեւ, Թեհրան վաղուց յստակեցուցած է՝ նաւթի կամ կազի ոլորտի կառոյցներուն վրայ հաւանական յարձակումը իրեն համար կարմիր գիծ է։ «The Washington Post» կը գրէ, որ ԱՄՆ Իսրայէլի իշխանութիւնները համոզած է հաւասարակշռուած պատասխան մը տալ Իրանին, սակայն, Եւրոպայի մէջ անհանգստացած են, թէ ԱՄՆ կրնայ բաւականաչափ ճնշում չգործադրել Իսրայէլի վրայ։ Թէեւ ամերիկեան վարչակազմը կը բացատրէ, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները մտադիր են զուսպ գործել Իրանի դէմ, սակայն, որոշումներու ընդունման գործընթացին վրայ կրնան ազդել նաեւ ներքին քաղաքական գործօնները։

ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ չի սատարեր Իրանի միջուկային կառոյցներուն վրայ յարձակումին, եթէ Իսրայէլ փորձէ այդ ձեւով փոխադարձել։ «Ռէօյթըրզ» գործակալութիւնը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Պայտընի կոչին վրայ, որպէսզի Իսրայէլ գործէ համաչափ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024