ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄՕՐ ԵՒ ՄԱՆԿԱՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾՈՒԵՑԱՒ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը թեւակոխած է արդէն հինգերորդ շաբաթը։ Միջազգային բեմահարթակի վրայ զանազան վերլուծաբաններ կը խորհրդածեն, թէ Ատրպէյճան լուրջ յաջողութիւններու չէ հասած։ «The New York Times»ի մէջ ալ շուրջ երկու շաբաթ առաջ մատնանշուած էր, որ Ատրպէյճանի ռազմական ջանքերը լաւ կազմակերպուած չեն ու չկայ յաղթանակի յստակ տեսութիւն։ Շաբաթները կ՚անցնին եւ իրավիճակը այս առումով թէեւ մեծ փոփոխութիւն մը չ՚արձանագրեր, սակայն դաշտի վրայ միշտ զգալի կը մնան մարդկային անբացատրելի աղէտ մը, ռազմական գործողութիւններու աննկարագրելի հետեւանքներ։

Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատին վրայ երէկ ալ օրուան տեւողութեան բոլոր ուղղութիւններով շարունակուեցան ռազմական գործողութիւնները։ Հայկական աղբիւրները կանոնաւոր պարբերութեամբ լուսաբանութիւններ տուին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ առաւել ուշագրաւ էր Ստեփանակերտի Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոնի ենթարկուած յարձակումը։ Ստեփանակերտի ծննդատունէն վերջ Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները արդէն երկրորդ անգամ թիրախաւորեցին առողջապահութեան հաստատութիւն մը։ Արցախի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի զօրքերը երէկ «Սմերչ» կայանքներէ հրթիռներ արձակեցին Ստեփանակերտի Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոնին վրայ։ Վիրաւորուեցաւ երկու քաղաքացի. անմիջապէս փոխադրուեցան հիւանդանոց։ Թիրախաւորուեցան նաեւ Ստեփանակերտի կեդրոնական շուկայի յարակից բնակելի թաղամասերը, զգալի վնասներ յառաջացան։ Ատրպէյճանի «Սմերչ»ները ուղղուեցան նաեւ Շուշիի վրայ, ուր կատարուած ռմբակոծումներուն հետեւանքով ծագեցան հրդեհներ։ Արցախի պատկան մարմինները առկայ ծանր իրավիճակին մէջ աշխատանք կը տանին վնասներու չափը ճշդելու համար։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ օրուան տեւողութեան հանդէս եկաւ երկու պաշտօնական յայտարարութիւններով։ Անոնցմէ մէկուն մէջ մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Ստեփանակերտի բժշկական հաստատութիւններու շարուանակական թիրախաւորման։ Յայտարարութեան մէջ «պետական ահաբեկչութեան հերթական դրսեւորում» որակուեցաւ Ստեփանակերտի Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոնին վրայ գործուած յարձակումը։ Բաց աստի, նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան երէկ յայտնեց. «Արցախի ժողովուրդի համար ստեղծուած գոյութենական վտանգներու պայմաններուն ներքեւ Պաշտպանութեան բանակն ու Արցախի իշխանութիւնները ունին բնակչութիւնը պաշտպանելու եւ հակահարուած տալու անքակտելի իրաւունքը»։

Մեծ քաղաքներու վրայ կատարուած այս զգայացունց յարձակումներուն առընթեր, երէկ ռազմաճակատի վրայ ալ բախումները շարունակուեցան ամբողջ թափով։ Օրուան մէջ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ Արցախի արեւելեան հատուածէն ներս Ատրպէյճանի զօրքերուն հետ տեղի ունեցած են մարտեր։ Կորուստներ կրելով Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները կասեցուցած են յարձակումը։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ կանոնաւոր ստորաբաժանումներն ու կամաւորները ճակատի հարաւ-արեւելքի անտառներու եւ ձորերուն մէջ մեծ դիմադրութիւն ցուցաբերած են Ատրպէյճանի զօրքերուն դէմ։ Մասնաւորաբար Ատրպէյճանի զօրքերուն ընդգրկուած ահաբեկչական խմբաւորումները եւ յատուկ նշանակութեամբ ստորաբաժանումները բախուած են հայկական զօրքերու մեծ դիմադրութեան։ Բաց աստի, Քարվաճառի ուղղութեամբ ալ երէկ տեղի ունեցան բախումներ։ Ատրպէյճանի զօրքերը միջդիրքային տարածքէ ներս ծխաթողարկուելով ձգտած են ներթափանցման փորձ մը իրականացնել։ Այդ հատուածէն ներս ալ կասեցուած է անոնց յառաջխաղացումը։ Այս լուրերու հաղորդման ժամանակ միշտ կ՚ընդգծուէր, որ բոլոր ուղղութիւններու վրայ գործնական իրադրութիւնը կը գտնուի Արցախի Պաշտպանութեան բանակի վերահսկողութեան ներքեւ։ Ցամաքի այս կռիւներուն առընթեր, Ատրպէյճանի ռազմաօդային ուժերը երէկ թիրախաւորեցին Մարտունին ու շրջակայքը։

Երբ օրուան տեւողութեան կը հաղորդուէին այս լուրերը, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեան հանդէս եկաւ նաեւ հերքումով մը։ Ան «անհեթեթութիւն» որակեց Պաքուի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած պնդումները, ըստ որոնց հայկական զինեալ ուժերը «Սմերչ» համազարկային համակարգերով կրակած էին Ֆիզուլի քաղաքին ու շրջակայ գիւղերուն վրայ։

Օրուայ աւարտին Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ Ատրպէյճանի բանակի կրած կորուստներուն շուրջ՝ մասնաւորապէս զրահապատ զինուորական ինքնաշարժներու տեսակէտէ։ Արծրուն Յովհաննիսեան Հայկական միասնական տեղեկատուութեան կեդրոնին մէջ երեկոյեան ժամերուն սարքեց հերթական մամլոյ ասուլիսը։ Ան ամփոփ ձեւով ներկայացուց օրուան տեւողութեան Արցախի Պաշտպանութեան բանակին կողմէ առնուած քայլերուն շուրջ։ Արծրուն Յովհաննիսեան անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն։ Ալիեւ երէկ ներկայացուցած էր Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած գիւղերու ցանկ մը։ Այդ ամբողջին մէջ թուարկած էր Ճեպրայիլի եւ Զանկերանի շրջանի շարք մը գիւղերու անուններ, որոնք աշխարհագրականօրէն ամենահարաւային հատուածին մէջ կը գտնուին։ Լրագրողներ Յովհաննիսեանին հարց տուին, թէ արդեօք չկա՞ն հակասութիւններ՝ մանաւանդ, որ այդ շրջաններու գրաւման մասին Ատրպէյճան յայտարարած էր նաեւ պատերազմի առաջին օրերուն։ Արծրուն Յովհաննիսեան հաստատեց, որ կան հակասութիւններ եւ ըսաւ. «Այդ հակասութիւնները նոյնիսկ նկատած են Ատրպէյճանի բնակիչները, որոնք երէկ եւ այսօր համացանցի զանազան հարթակներու վրայ կը ծաղրէին Ալիեւը եւ կը հարցնէին. «Բաւարար չէ՞. նոյն գիւղերը քանի մը անգամ ազատագրես»»։

Նախընթաց օրուայ իրադարձութիւններուն բերումով Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ գիշեր անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի Դաւիթ Բէկ գիւղի իրավիճակին ու նշեց, որ կացութիւնը համեմատաբար հանգիստ է։

Այս առաւօտեան ժամերուն ալ հայկական աղբիւրները հաղորդեցին ռազմական գործողութիւններու վերստին սաստկացման մասին։ Ըստ Շուշան Ստեփանեանի Շուշիի ուղղութեան վրայ յայտնաբերուած է Ատրպէյճանի զինեալ ուժերէն խումբ մը։ Հայկական ստորաբաժանումները յարձակումը չէզոքացնելու համար շարժման անցած են։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճան զինուորական դիրքերու վրայ յարձակելու առընթեր կը շարունակէ կրակի տակ պահել նաեւ խաղաղ բնակավայրերը։ Կան նաեւ վիրաւորեալներ։

Շուշան Ստեփանեան այսօր կէսօրուան մօտ ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ ռազմաճակատի հարաւային ուղղութեան վրայ գործողութիւնները սաստկացած են։ Հայկական զօրքերու ստորաբաժանումները յարձակումը կասեցնելու համար խոցած են Ատրպէյճանի բանակի երեք հրասայլ։

Ատրպէյճանի բանակի երէկուան գործողութիւններուն հետեւանքով Իրանի տարածքն ալ դարձեալ ենթարկուեցաւ յարձակման։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, հայկական ստորաբաժանումներու ուղղութեամբ կատարուած հրետակոծութեան ընթացքին ռումբեր ինկան նաեւ Իրանի տարածքէն ներս։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Իրանի ցամաքային զօրքերու հրամանատար Քիոմարս Հէյտարի յայտնեց, որ ժողովուրդի անվտանգութիւնը Իրանի զինեալ ուժերու կարմիր գիծն է։ Իր կարգին, Իրանի կրօնապետ Ալի Խամանէյն ալ զգուշացուց, որ Թեհրան հուժկու պատասխան մը կրնայ տալ՝ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ահաբեկիչներու գոյութենէն վտանգ մը զգալու պարագային։

Մինչ այդ, միջազգային աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Սուրիայէն վարձկաններու հերթական խումբը ուղարկուած է Ատրպէյճան՝ Արցախի ճակատին վրայ պատերազմելու համար։ Մարդու իրաւանց սուրիական կեդրոնը, որ կը գործէ Լոնտոնի մէջ, այս նիւթին վերաբերեալ մանրամասնութիւններու անդրադարձաւ։ Այսպէս, նախկին կարգ մը գրոհայիններ արդէն փախուստի դիմած են եւ անոնց փոխարէն Սուրիայէն ուղարկուած են նոր վարձկաններ։ Այս նոր խումբը կը բաղկանայ 230 հոգիէ։ Յիշեալ կեդրոնը տեղեկութիւններ հրապարակած է նաեւ Արցախի ճակատին վրայ մահացած վարձկաններուն կապակցութեամբ։ Ցարդ, ընդհանուր առմամբ, 2580 վարձկաններ տեղափոխուած են Ատրպէյճան։ Անոնցմէ 342-ը Սուրիա վերադարձած է իր վարձավճարէն հրաժարելով։

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ալ երէկ խօսեցաւ այս հարցին շուրջ եւ ըսաւ, որ պայքարի ընթացքին ոչնչացուած է ահաբեկիչներու կէսէն աւելին։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան երէկ յայտնեց, որ Ատրպէյճան ապօրինաբար կը տիրանայ հայ ռազմագերիներու ընկերային ցանցերու օգտահաշիւներուն ու կը կառավարէ այդ էջերը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2020