«ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ ԿԱՅ»
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ երկրի խորհրդարանէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթաց կայ, խօսակցութիւնը կը շարունակուի», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան երեսփոխաններուն ներկայութեամբ։
«Հանրայայտ է, որ գործընթացը առանց նախապայմաններու է եւ, միեւնոյն ժամանակ, թրքական կողմը անընդհատ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հետ կը կապէ, ինչ որ, ինչ-որ առումով ինքնին քիչ մը նախապայման կը յիշեցնէ։ Այնուամենայնիւ, այս յայտարարութիւններուն զուգահեռ շատ յստակ քննարկումներ կ՚ընթանան, առաջին հերթին՝ յատուկ ներկայացուցիչներու մակարդակին վրայ, բայց նաեւ այդ մակարդակէն դուրս՝ մասնագիտական որոշակի ներգրաւումով։ Խօսակցութիւնը քանի մը յստակ քայլերու մասին է՝ ներառեալ դիւանագիտական անձնագրեր ունեցող անձերու համար սահմանի բացումը, ինչպէս նաեւ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար սահմանի բացումը։ Կրնամ ըսել, որ յառաջընթաց կայ, խօսակցութիւնը կը շարունակուի։ Եւ կրնամ ըսել նաեւ, որ կ՚ակնկալեմ եւ յոյս ունիմ, թէ դրական արդիւնքներ կ՚ըլլան մօտաւոր ապագային», եզրափակեց Արարատ Միրզոյեան։