ԲԱՒԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐ ՌԻՍՔԵՐ ԿԱՆ
Երէկ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ։ Արմէն Գրիգորեան Մոսկուա մեկնած էր՝ մասնակցելու համար Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) մասնակից երկիրներու անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու 10-րդ հանդիպման։ Այս շրջանակին մէջ տեղի ունեցաւ իր երկկողմանի զրոյցը Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Գրիգորեան եւ Նիքոլայ Փաթրուշեւ զրոյցի ընթացքին քննարկեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան իրավիճակը։ Գրիգորեան ներկայացուց սեպտեմբերի 13-ին Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ ձեռնարկուած լայնածաւալ բռնութիւնն ու հետեւանքները։ Ան ընդգծեց, որ սա ո՛չ թէ սահմանային դէպք մըն էր, այլ լայնածաւալ ներխուժում Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք։ Իր կարգին, Նիքոլայ Փաթրուշեւն ալ ընդգծեց տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը։ Կողմերը նաեւ արձանագրեցին, որ երկու անվտանգութեան խորհուրդներուն միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը հեռանկարային է։
Մինչ այդ, Արմէն Գրիգորեան ԱՊՀ-ի մասնակից երկիրներու անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու հաւաքին ընթացքին ալ ունեցաւ ելոյթ մը։ «Ատրպէյճանի կողմէ նոր բռնութեան ռիսքը ո՛չ միայն կը պահպանուի, այլեւ կը մնայ բաւական բարձր։ Գրեթէ ամէն օր Ատրպէյճան հերթական սադրանք մը կը կազմակերպէ, սահմանի վրայ հրադադարը կը խախտէ՝ այսպէսով մեղադրելով հայկական կողմը։ Կը փափաքիմ նաեւ յատկապէս ընդգծել, որ 2021 թուականի մայիսէն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին դէմ Ատրպէյճանի կողմէ բռնութեան հետեւանքները չեն վերացուած։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կը շարունակեն ապօրինի ձեւով վերահսկել մեր երկրի տարածքի տասնեակ քառակուսի քիլօմեթրերը», հաւաքի ընթացքին նշեց Արմէն Գրիգորեան։