ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՆՊՏՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ԲԱՐՁՐ ՈՒ ԳՐԵԹԷ ՀԱՒԱՍԱՐ Է ՏԱԳՆԱՊԱԼԻ ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԹԵԱՆ
Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Մուրատեան յայտարարեց, որ անպտղութեան մակարդակը Հայաստանի մէջ կը շարունակէ մնալ բարձր ու գրեթէ հաւասար է՝ սահմանուած 15 տոկոսի ճգնաժամային մակարդակին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Հերացի» վերլուծականը կը շարունակէ ժողովրդագրական վիճակի եւ այս վերջնոյն վրայ ազդող գործօններու վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնը։ Այս շրջանակին մէջ Արմէն Մուրատեան հրապարակած է յօդուած մը, որու մէջ շեշտուած է, որ ծնելիութեան վրայ ազդող առողջապահական գործօններուն մէջ առաջնահերթ նշանակութիւն ունի անպտղութիւնը։ Այս վերջնոյն յաղթահարման ուղղեալ ռազմավարութիւններու համար անհրաժեշտ են անպտղութեան տարածուածութեան եւ պատճառագիտութեան վերաբերեալ փաստահէն տուեալներ։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը անպտղութիւնը կը սահմանէ՝ որպէս տղամարդու կամ կնոջ վերարտադրողական համակարգի հիւանդութիւն, որ կը բնութագրուի տասներկու ամիս եւ աւելի կանոնաւոր անպաշտպան սեռային յարաբերութենէ յետոյ յղիութեան ձախողմամբ։
Հայաստանի մէջ անպտղութեան խնդիրներու հետազօտութիւններ կատարուած են 1989-1990 թուականներուն, 1997-1998 թուականներուն եւ 2009 թուականին։ Վերջին անգամ կացութիւնը վերատեսութեան ենթարկուած եւ հրապարակուած է 2014 թուականին։ Ըստ վերոյիշեալ հետազօտութեան տուեալներուն, անպտղութիւնը կանանց շրջանակին մէջ կազմած է 16.8 տոկոս։
ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի ելմտական աջակցութեամբ «Հասարակական հետազօտութիւններու յառաջատար խումբ» կազմակերպութեան կողմէ 2020-2021 թուականներուն իրականացուած հետազօտութեան տուեալներով՝ վերարտադրողական տարիքի միասին ապրող զոյգերու շրջանակին մէջ անպտղութեան տարածուածութիւնը կը կազմէ 16.8 տոկոս։ Հարցախոյզին ներգրաւուած կին հարցուածներու շրջանակին մէջ անպտղութիւնը կազմած է 14.3 տոկոս։ Ըստ Արմէն Մուրատեանի յօդուածին, այսպէսով առկայ տուեալները կը վկայեն, որ անպտղութեան մակարդակը Հայաստանի մէջ թէեւ որոշ չափով նուազած է, այնուամենայնիւ կը շարունակէ մնալ բարձր ու գրեթէ հաւասար է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ սահմանուած՝ 15 տոկոսի ճգնաժամային մակարդակին։ Այս պարագային անպտղութիւնը արդէն կ՚ընկալուի՝ որպէս տուեալ երկրի ժողովրդագրութեան վրայ ազդող լուրջ գործօն եւ ընկերաբժշկական խնդիրէ կը վերածուի համապետական, նոյնիսկ ազգային անվտանգութեան հիմնախնդրի։