ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յառաջիկայ օրերուն Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնութեամբ ու միջնորդութեամբ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին ընթացքին, 2023 թուականի պետական պիւտճէի նախագծի քննարկումներու շրջանակներէն ներս, հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Քանի մը օրէն ես պիտի մեկնիմ Ուաշինկթըն, ուր պիտի ըլլայ իմ եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի ու ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հանդիպումը»։ Նախարարին խօսքով՝ կան կեդրոններ, որոնք շահագրգռուած են Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններու շարունակմամբ։ Երեւան շինիչ ձեւով կը մասնակցի զանազան հարթակներու վրայ այդպիսի բանակցութիւններու։ Ան յիշեցուց, որ քանի մը օր առաջ ալ Սոչիի մէջ տեղի ունեցած էր Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմանի հանդիպումը։
Երէկուան հանդիպման ընթացքին Արարատ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ տարածաշրջանային տնտեսական, փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման խնդիրը բանակցային հիմնական ուղղութիւններէն մին է եւ համապարփակ կարգաւորման շատ կարեւոր տարրերու շարքին կը դասուի։ «Պէտք է արձանագրեմ, որ վերջին հանդիպումներն ու յայտարարութիւնները կը խօսին այն մասին, թէ ոեւէ մէկը կասկածի տակ չի դներ, թէ ապաշրջափակուելիք կամ ենթադրաբար նոր կառուցուելիք հաւանական ճանապարհները կամ փոխադրութեան ենթակառուցուածքները ամբողջապէս պիտի գտնուին տուեալ երկիրներու ինքնիշխանութեան ներքեւ ու տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներուն մէջ», ըսաւ Միրզոյեան։ Մնացեալ մանրամասնութիւնները տակաւին կը քննարկուին։ «Կրնամ արձանագրել հայկական կողմի կառուցողականութիւնը այստեղ եւս։ Պէտք է արձանագրեմ նաեւ Ատրպէյճանի եւ հաւանական շահագրգիռ այլ կողմերու ոչ-կառուցողականութիւնը», աւելցուց նախարարը։
Բաց աստի, Արարատ Միրզոյեան խորհրդարանի երէկուան հանդիպման ընթացքին մատնանշեց Երեւան-Պաքու բանակցութիւններու ներկայ ընթացքին մասին մանրամասնութիւններ։ «Այն բոլոր ուղղութիւններուն մէջ, որոնց շուրջ Հայաստան կը բանակցի Ատրպէյճանի հետ, կը հանդիպինք առաւելապաշտ դիրքորոշման։ Երկու արձանագրում կրնամ ընել։ Մէկը լաւ, իսկ միւսը վատ։ Վատը այն է, որ բոլոր ուղղութիւններով, որոնց շուրջ մենք կը բանակցինք Ատրպէյճանի հետ, կը հանդիպինք առաւելապաշտ դիրքորոշումներու։ Իմ տպաւորութիւնն է, որ Ատրպէյճան կը համարէ, թէ ռազմական յաջողութիւններ ունեցած է, այժմ կրնայ ինչ-որ պայմաններ թելադրել Հայաստանին։ Սա, ի հարկէ, չի կրնար իրականութիւն ըլլալ։ Եւ երկարատեւ, համապարփակ ու կայուն խաղաղութեան հնարաւոր չէ հասնիլ այս ճանապարհով», ըսաւ ան։
Միեւնոյն ժամանակ, Արարատ Միրզոյեան յոյս յայտնեց, թէ Ատրպէյճանի մէջ այս բանը ժամանակի ընթացքին աւելի լաւ պիտի հասկնան։ «Եւ, եթէ Ատրպէյճան կը փափաքի, շահագրգռուած է ունենալ կայուն խաղաղութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ, ապա պէտք է որոշ հարցերու մէջ ինք եւս արձանագրէ, որ միակողմանի շահաւէտ լուծումներ չեն կրնար ըլլալ», աւելցուց նախարարը, որու խօսքով՝ սա չի կրնար աշխատիլ, երկարաժամկէտ չի կրնար ըլլալ։
Անդրադառնալով լաւ հանգամանքին՝ Արարատ Միրզոյեան մատնանշեց, որ կայ միջազգային հանրութեան յստակ ուշադրութիւն՝ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրներուն առընչութեամբ։ «Երբ նաեւ ժամանակային վերլուծութիւն կը կատարենք, կը տեսնենք, որ այդ ուշադրութիւնը առայժմ հետզհետէ աւելի ու աւելի կը մեծնայ։ Յատկապէս սեպտեմբերի 13-14-ի Ատրպէյճանի բռնութենէն յետոյ միջազգային հանրութիւնը Ատրպէյճանին շատ յստակ պատգամ յղեց, թէ ուժի կիրառումը, ուժի կիրառման սպառնալիքը չի կրնար ըլլալ հարցերու լուծման ճանապարհ», նշեց Միրզոյեան եւ յոյս յայտնեց, թէ այս ուղերձը Պաքուի մէջ շատ լաւ կը հասկնան, կան կանոններ, գիծեր, որոնք պէտք չէ հատուին։ Միրզոյեանի տպաւորութեամբ՝ սա է միջազգային հանրութեան ուղերձը։