ԱՆՀԻՄՆ ԵՒ ԱՆԱՊԱՑՈՅՑ

Ամերիկահայ յայտնի գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան CNN հեռուստակայանէն խօսեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուած էթնիք զտման եւ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի ապօրինի ձերբակալման մասին։ CNN-ի յայտնի հաղորդավարներէն Քրիստիան Ամանփուր Նուպար Աֆէեանի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը։ Անշուշտ, ամերիկեան հանրային կարծիքին տեսակէտէ Նուպար Աֆէեան առաջին հերթին ծանօթ է՝ որպէս «Moderna»ի հիմնադիր. ընկերութիւն, որ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ արտադրած է։

Հարցազրոյցի ընթացքին Նուպար Աֆէեան անդրադարձած է 44-օրեայ պատերազմին, որմէ երկու տարի վերջ Ատրպէյճան շրջափակեց Լեռնային Ղարաբաղը եւ անցեալ սեպտեմբերի 19-ին յարձակում գործեց անոր վրայ։ Այդ յարձակումը հարիւրաւոր զոհեր խլեց, հայերը պարտաւորուեցան զանգուածայնօրէն լքել իրենց պատմական հայրենիքը։ Ան շեշտեց, որ սա էթնիք զտում է՝ դասական սահմանմամբ։ Այս որակումը տրուած է նաեւ միջազգային փորձագէտներու մեծամասնութեան կողմէ։ «Երբ աշխարհ կանգնած կը հետեւի անարդարութեան ու որեւէ քայլի չի ձեռնարկեր, ապա դժուար է հասնիլ խաղաղութեան», յայտարարեց Նուպար Աֆէեան։ Արցախի մէջ պատահածը ան համարեց շոք։

Նուպար Աֆէեան նոյն հարցազրոյցին ժամանակ կոչ ուղղեց, որպէսզի աշխարհ աչք չփակէ Արցախի պետական ներկայացուցիչներու ձերբակալման վրայ։ Իր խօսքով, Ռուբէն Վարդանեանի վիճակը շատ ցաւալի է։ Արդարեւ, անոր դէմ ներկայացուած են անհիմն, անապացոյց մեղադրանքներ։ «Ռուբէն Վարդանեանի հետ աշխատած եմ 23 տարի՝ Հայաստանի մէջ իրականացուած մէկ տասնեակէ աւելի մարդասիրական ու բարեգործական նախագծերու շրջանակէն ներս։ Իր ժողովուրդի ճակատագրին համար յուսահատութենէ դրդուած՝ Ռուբէն անցեալ աշնան տեղափոխուեցաւ Ղարաբաղ, զոր մենք կ՚անուանենք Արցախ, որպէսզի այնտեղի մարդոց օգնէ վերականգնել իրենց արժանապատուութիւնը եւ դիմակայել իրենց վրայ գործադրուած ճնշման։ Եւ նախարարի պաշտօնին վրայ երեք ամիս շարունակ ըրաւ այս բանը։ Պաշտօնը լքելէ յետոյ մնաց այնտեղ ու մարդասիրական նախագծեր իրականացուց», ըսաւ Նուպար Աֆէեան։ Ապա ան բացատրեց, որ սեպտեմբերի անսպասելի պատերազմէն վերջ Ռուբէն Վարդանեան Արցախի միւս բնակիչներուն հետ փորձած է Հայաստան տեղափոխուիլ, որովհետեւ Ատրպէյճան հրապարակաւ յայտարարած էր, որ բոլորը կրնան հեռանալ ազատ ձեւով։ Սակայն, Ռուբէն Վարդանեան ձերբակալուեցաւ եւ իրեն դէմ անհիմն, անապացոյց մեղադրանքներ ներկայացուեցան։

«Կը կարծեմ՝ Ռուբէնը համայն հայութեան խորհրդանշանն է եւ Ատրպէյճանի կողմէ անոր ձերբակալումն ու այդ բանէն շոուի մը սարքուիլը, մեղադրանքներ ներկայացնելը, կատարուած է աշխարհի 10 միլիոն հայերուն հոգեբանական տառապանք պատճառելու համար», նշեց Աֆէեան։

Հարկ է նշել, որ Նուպար Աֆէեան եւ Ռուբէն Վարդանեան լծակիցներ են նաեւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 4, 2023