ՄԻՇՏ ՄԵԾ ՌԻՍՔԵՐ
Երեւանի ղեկավարութիւնը բոլոր հարթութիւններու վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ՝ իր դիմագրաւած մեծ ռիսքերուն մասին։ Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ լուրջ մտավախութիւն գոյութիւն ունի, թէ այսօր ալ Ատրպէյճան տարածքային պահանջներ ունի իր երկրէն։
Արարատ Միրզոյեան Երեւանի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքը, որ այսօր ալ կ՚այցելէ Պաքու։ Հիւր նախարարը յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Ան այցելեց նաեւ Հայաստանի բանակի խաղաղապահ զօրքերու կեդրոնը, նաեւ մէկտեղուեցաւ Արցախէն բռնի տեղահանեալներու ճամբարի մը բնակիչներուն հետ։ Բաց աստի, Պերպոք մէկտեղուեցաւ՝ Հայաստանի սահմանի Երասխի հատուածին վրայ տեղակայուած Եւրոմիութեան դիտորդներուն հետ։ Միրզոյեան եւ Պերպոք երէկ նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Օրուան տեւողութեան Պերպոք ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։
Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ Արարատ Միրզոյեան ըսաւ. «Լուրջ մտավախութիւն կայ, որ այսօր ալ Ատրպէյճան տարածքային պահանջներ ունի Հայաստանէն։ Կան նաեւ որոշ վերապահութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան դէմ՝ մասնաւորապէս երբ խօսքը, օրինակ, տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու մասին է։ Այնպէս որ, այդ մտավախութիւնները տակաւին այսօր ալ կան»։ Նախարարը աւելցուց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանային խնդիրներու կարգաւորման ուղղութեամբ ալ աշխատանքները թէեւ կը շարունակուին, սակայն յստակ լուծում մը տակաւին չկայ։ «Կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի, երբեմն կը թուի, թէ հանգուցալուծման մօտ ենք, երբեմն ալ կը տեսնենք, որ նոր խոչընդոտներ ի յայտ կու գան», աւելցուց Միրզոյեան եւ յիշեցուց, որ վերջին երեք տարիներուն Ատրպէյճան քանի մը անգամ ներխուժած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Պերպոք նշեց, որ Եւրոմիութիւնը կ՚ակնկալէ աւելի ամուր ու աւելի խոր յարաբերութիւններ ունենալ Հայաստանի հետ։ Միրզոյեանն ալ շեշտեց, որ Հայաստան պատրաստ է նպաստել Եւրոպայի ուժանիւթի անվտանգութեան՝ Սեւ ծովու գօտիին վերաբերեալ նախագծերուն մասնակցելու պարագային։ Պերպոք Երեւանի մէջ շեշտեց, որ թէ՛ Գերմանիան եւ թէ Հայաստանը ուժանիւթի առումով զգալիօրէն կախուած են Ռուսաստանէն եւ սա մէկ օրէն միւսը կարելի չէ փոխել։ Միրզոյեան Երեւանի մէջ պաշտօնակցին ներկայացուց նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը, որով կը ծրագրուի Հայաստանը հաղորդակցութիւններու եւ տարանցումներու հանգոյցի մը վերածել։
Պերպոք, որ այսօր Հայաստանէն Ատրպէյճան կ՚անցնի, երէկ նշեց նաեւ, թէ կը փափաքին պայմաններ ստեղծել՝ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։
Միւս կողմէ, երէկ տարածաշրջանի երկու ազդու դերակատարներուն՝ Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Սերկէյ Լաւրով եւ Ամիր Ապտուլլահիան ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Իր կարգին, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքն ալ երէկ յայտնեց, որ Մեղրիէն անցնելիք երկաթուղիի շինարարութեան սկիզբին համար, ըստ էութեան, համատեղ յայտարարութեան թեքստին մեծամասնութիւնը պատրաստ է։ Փոխ-վարչապետը կրկնեց ռուսական կողմին պատրաստակամութիւնը՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման աջակցելու համար։