ՍՊԱՆԴԸ Կ՚ԱՀԱԳՆԱՆԱՅ
Կազզէի արիւնալի իրադարձութիւնները կը շարունակեն համաշխարհային օրակարգի կիզակէտին մնալ։ Իսրայէլի բանակին լայնածաւալ գործողութիւնները սահմռկեցուցիչ դրսեւորումներ կ՚ունենան՝ մանաւանդ քաղաքացիական բնակչութեան շրջանակներէն ներս կորուստները ծնունդ կու տան բուռն հակազդեցութեան։ Միջազգային լրահոսը ողողուած է նիւթերով, ըստ որոնց, Իսրայէլի զօրքերը կը թիրախաւորեն գաղթականաց ճամբարներ, հիւանդանոցներ եւ այլն։ Կազզէի բնակիչները լրատուամիջոցներու եթերներուն եւ հաղորդումներուն մէջ ահազանգ կը հնչեցնեն, թէ մահանալու համար կը սպասեն իրենց հերթին։
Առկայ մտահոգիչ մթնոլորտին մէջ, «Հիզպուլլահ»ի ղեկավար Հասան Նասրալլահ երէկ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Ան այս առթիւ շարք մը կարեւոր պատգամներ տուաւ՝ մանաւանդ, որ բացայայտ եւ ուղղակիօրէն պատերազմ մը չհռչակեց Իսրայէլի դէմ։ Նասրալլահ ընդգծեց, որ «Համաս»ի կողմէ Իսրայէլի վրայ գործուած յարձակումէն իրենք տեղեակ չէին եղած։ «Հիզպուլլահ»ի ղեկավարը ընդգծեց, որ պատրաստ են բոլոր հաւանականութիւններու, առկայ խնդիրը շրջանային սահմանափակ բնոյթ չունի եւ ընդհանրապէս Պաղեստինի հարցն է։ «Անոնք, որոնք կ՚ուզեն տարածաշրջանային հաւանական պատերազմը կասեցնել, ապա թող կասեցնեն Կազզէի յարձակումները», ըսաւ Նասրալլահ եւ աւելցուց, որ իրենք նախազգուշական միջոցներ ձեռք առած են նաեւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կողմէ ուղարկուած ռազմանաւուն դէմ։
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Միւս կողմէ, Թուրքիան ալ կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ իրադարձութիւններուն։ Անգարայի ղեկավարութիւնը վաղը պիտի հիւրընկալէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը։ Հարկ է նշել, որ Թուրքիա գալէ առաջ ան հերթական անգամ շփումներ ունեցաւ Իսրայէլի մէջ։ Պետական քարտուղարը պատերազմի ծագելէն վերջ արդէն երրորդ անգամ այցելեց այդ երկիրը։ Մինչ այդ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ Աստանայի մէջ կազմակերպուած Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթաժողովէն վերջ ալ հրապարակուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Կազզէի իրավիճակին։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ Պաղեստինի մէջ աննախընթաց ողբերգութիւն մը կ՚ապրուի՝ համայն աշխարհին առջեւ։ Անյապաղ հրադադարի հաստատման անհրաժեշտութեան մատնանշման առընթեր, համատեղ յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ մահմետական, քրիստոնեայ կամ հրեայ՝ անխտիր բոլորը պէտք է ըլլան անվտանգ։