ՆՈՐ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄ

Մերձաւոր Արեւելքի արիւնալի իրադարձութիւններուն զուգահեռ Կարմիր ծովու դէպքերն ալ այնպիսի մակարդակի մը հասած են, որ համաշխարհային անվտանգութեան տեսակէտէ առկայ ռիսքերը կը բազմապատկեն։ Բոլոր տուեալները կը վկայեն, թէ ամէն ինչ աստիճանաբար անզսպելի կը դառնայ եւ կը յորդի տարածաշրջանի սահմաններէն։ Միջազգային բեմահարթակի վրայ տակաւ կը խորանան առկայ մտահոգութիւնները՝ մինչ անպատասխան հարցումներու շարանն ալ կ՚երկարի։

Յորդանանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ռազմակայանին վրայ կատարուած եւ զոհեր խլած վերջին յարձակումը Արեւմուտքը կը մղէ աւելի արմատական քայլերու։ ԱՄՆ-ի մէջ նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններն ալ կը հրահրեն իրադրութիւնը՝ ներքին քաղաքական գործօններով եւ որոշ չափով ամբոխավարական նկրտումներով։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ ռազմաօդային ուժերը Կարմիր ծովու մէջ վերստին թիրախաւորեցին՝ Իրանի կողմէ հովանաւորուած հուսիները։ ԱՄՆ-ի կեդրոնական հրամանատարութիւնը տեղեկացուց, որ երկու երկիրներու ռազմաօդային ուժերը 13 կէտի վրայ 36 թիրախ ռմբակոծած են։ Իրանի կողմէ հովանաւորեալ հուսիներու ենթարկուած յարձակումներուն ժամանակ թիրախաւորուած են բազմաթիւ ստորգետնեայ շտեմարաններ, հրամանատարական կեդրոններ, հրթիռային համակարգեր, ռատարներ, ուղղաթիռներ, անօդաչուներու կայանատեղիներ եւ գործողութեան դաշտեր։

Ամերիկեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այս գործողութիւններուն նպատակն է սահմանափակել հուսիներու յարձակման հնարաւորութիւնները՝ Կարմիր ծովու, Ատենի ծոցին եւ Պապ-Էլ-Մենտեպ նեղուցին մէջ, ուր անոնք ամերիկեան եւ անգլիական նաւերուն վրայ կը յարձակին։

Փենթակոնէն ալ արմատական յայտարարութիւններ հնչեցին։ ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտնեց, որ եթէ միջազգային ջուրերու մէջ հուսիները չդադրեցնեն իրենց յարձակումները, ապա պիտի ենթարկուին հետեւանքներուն։

ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ զօրքերու այս վերջին գործողութեան կապակցութեամբ ութ երկիր հանդէս եկաւ համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Այսպէս, անոնց միացան Աւստրալիան, Պահրէյնը, Գանատան, Դանիան, Հոլանտան եւ Նոր Զելանտան։

Իր կարգին, հուսիներու բանակի բանբերը՝ Եահեա Սարին յայտարարեց, որ ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ այս յարձակումները անպատասխան պիտի չմնան։

Երկուշաբթի, Փետրուար 5, 2024