ԵՐԵՒԱՆԸ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀՆԱԳՈՅՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԻՆ ՎՐԱՅ
Բրիտանական The Telegraph պարբերականը ուշագրաւ լուսանկարներու շարքով անդրադարձած է Եւրոպայի ամենահին տասնվեց քաղաքներուն՝ իր ընթերցողներուն առաջարկելով կեանքի ընթացքին գոնէ անգամ մը այցելել զանոնք։
Հետաքրքրական է, որ Եւրոպայի հնագոյն քաղաքներու ցանկին մէջ ներառուած է նաեւ Երեւանը, որուն մասին հեղինակաւոր աղբիւրը կը գրէ հետեւեալը.
«Հռոմի հիմնադրումէն երեսուն տարի առաջ Հայաստանի ներկայիս մայրաքաղաքը Ասիայէն դէպի Եւրոպա ճանապարհին կարեւոր առեւտրային կանգառ եղած է: Անիկա ենթարկուած է հռոմէացիներու, բիւզանդացիներու, պարսիկներու, արաբներու, սելճուքներու ու մոնղոլներու, իսկ աւելի ուշ՝ 1920-ին, խորհրդային Կարմիր բանակի ներխուժումներուն:
«Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Երեւանի մէջ նկատուեցաւ մշակութային օճախներու աւելացման միտում (քաղաքը ուղղակի կ՚ապշեցնէ թանգարաններու առատութեամբ): Ինչ կը վերաբերի զբօսաշրջութեան, ապա անիկա դանդաղ, բայց հաստատուն կերպով կը զարգանայ»:
Միւս կողմէ, տուեալ ցանկին մէջ տարածքաշրջանէն ներկայացուած է երեք քաղաք՝ Երեւանը, վրացական Մցխեթն ու Քութայիսին:
Երեւանը կը գտնուի Եւրոպայի հնագոյն քաղաքներու ցանկին 16-րդ տեղը: