ԼՈՒՐՋ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Փոխ-վարչապետ Եալչըն Աքտողան երէկ առաւօտ նախաճաշի սեղան մը սարքեց՝ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ներկայացուցիչներուն համար։ Վարչապետարանի Տոլմապահչէի գրասենեակի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ։ Աքտողանի կողքին էին իր խորհրդականները՝ Ճէմ Արսլանպայ եւ Տքթ. Շապան Քըզըլտաղ։
Ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու աշխարհական ներկայացուցիչներուն հետ փոխ-վարչապետը քննարկեց բազմաբոյթ խնդիրներ եւ արծարծեց անոնց լուծման հեռանկարները։ Սա լուրջ ու ծաւալուն արժեւորումի մը հնարաւորութիւնն էր՝ Եալչըն Աքտողանի կողմի կառավարութեան կազմէն ներս վաքըֆներու գծով ստանձնուած պատասխանատուութենէն վերջ։ Որպէս Փոխ-վարչապետ Եալչըն Աքտողան վերջին ամիսներուն ստանձնած է այս ոլորտին պատասխանատուութիւնը։
Բացի Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանէն՝ երէկուան հանդիպման մեր համայնքին կողմէ ներկայ գտնուեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Մասնակիցներու շարքին էին նաեւ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վարչութեան գլխաւորը՝ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։ Յոյն եւ հրեայ համայքներէն եւ միւս յարանուանութիւններէն աշխարհական վարիչներ ալ մասնակցեցան այս տեսակցութեան, որու ընթացքին շօշափուեցան փոքրամասնութեանց կեանքին վերաբերեալ զանազան հարցեր։ Այս ամբողջին մէջ առաջնահերթօրէն ընդգծուեցաւ փոքրամասնութեանց հաստատութիւններու առկախեալ ընտրութիւններուն հարցը։ Մինչ նախաճաշին մասնակից թրքահայ գործիչները ընդհանրապէս դրական տպաւորութիւններ ունեցան այս հանդիպումէն, ներկայիս այս հիման վրայ կ՚ակնկալուին շօշափելի զարգացումներ։