ԽՏԱՑԵԱԼ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ տեսակցեցաւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի հետ։ Եըլտըզի պալատի համալիրէն ներս, «Մապէյն» ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ զրոյցը, որ տեւեց շուրջ ժամ մը։ Կը հաղորդուի, որ պաշտօնական աղբիւրները զրոյցի բովանդակութեան կապակցութեամբ տեղեկութիւններ չեն փոխանցած։
Ծանօթ է, որ Տանըլտ Թուսքի Թուրքիա կատարած այս այցելութիւնը զուգադիպեցաւ կարեւոր իրադարձութեան մը նախօրեակին։ Արդարեւ, Պրիւքսէլի մէջ Երկուշաբթի տեղի պիտի ունենայ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն գագաթաժողովը։ Երէկ Իսթանպուլի մէջ Էրտողանի կողմէ հիւրընկալուած Տանըլտ Թուսք օր մը առաջ ալ Անգարայի մէջ տեսակցած էր Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ։ Առաջնահերթօրէն քննարկուած էր գաղթականներուն հարցը։ Երկուշաբթի Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած գագաթաժողովին ընթացքին եւս գաղթականներու հարցը առաջնահերթօրէն պիտի զբաղեցնէ օրակարգը։ Սուրիոյ ճգնաժամը եւ գաղթականներու խնդիրը ներկայ շրջանին արդէն կը բնորոշէ Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւններուն ընթացքը։ Բաց աստի, Պրիւքսէլի գագաթաժողովին ընդառաջ, Անգարայի մօտ ԵՄ-ի պատուիրակութեան նախագահ Հանսեէօրկ Հապէր յայտարարեց, թէ ԵՄ-ի կողմէ փոխանցուած 3 միլիառ եւրոյին 400 միլիոնը արդէն յատկացուած է՝ մարդասիրական օժանդակութիւններու եւ դպրոցաշինութեան ծրագրերու համար։
Միւս կողմէ, Եւրոմիութեան յառաջատար երկիրներուն ղեկավարները՝ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ, Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ, Անգլիոյ Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրըն եւ Իտալիոյ Վարչապետ Մաթէօ Ռենցի երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցան Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Թելեքոնֆերանսի ձեւաչափով տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որու ընթացքին եւրոպացի ղեկավարները եւ Փութին համակարծիք գտնուեցան Սուրիոյ մէջ մշտական հրադադարի մը ապահովման ուղղութեամբ։ Հինգ ղեկավարները անդրադարձան նաեւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին՝ Մարտի 9-ին Ժընեւի մէջ նախատեսուած բանակցութիւններուն։ Ըստ միջազգային աղբիւրներուն, յամենայնդէպս, Փութին եւ եւրոպացի ղեկավարները զիրար չեն կրցած համոզել՝ Սուրիոյ մէջ, երկրի ղեկավար Պեշար Էսատի կողմէ ծրագրուած ընտրութիւններուն շուրջ։ Մոսկուայի եւ Եւրոպայի մօտեցումներուն միջեւ այս առումով կան լուրջ տարբերութիւններ։
Միւս կողմէ, Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանի կոչ ուղղեց, որպէսզի Սուրիոյ մէջ հաստատուի դաշնակցային դրութիւն մը։