ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԿԸ ԽՕՍԻ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱՅԻՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԱՍԻՆ. ՀՆԱՐԱՒՈ՞Ր Է ԱՅԴ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սէրկէյ Ռիապքովի օրեր առաջ ըրած յայտարարութիւնը քաղաքական ռումբի տպաւորութիւն կը ձգէր տագնապին հետեւող բոլոր կողմերուն համար: Մինչ շատեր կ՚առարկէին, որ Մոսկուա բոլոր հանգրուանները կ՚այրէ ու քայլ մը առաջ երթալով նոր ծրագիր կը դնէ սեղանին, անդին Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի Գոնկրէսին առջեւ իր ունեցած ելոյթի ընթացքին կը յայտարարէր, թէ «ցաւօք միասնական Սուրիա մը պահելու խնդիրը իրատեսական չէ այլեւս»: Քերի եւ ամերիկեան վարչակարգը անհանգստութեամբ չէին խօսեր հաւանական բաժանումի մը մասին: Ընդհակառակն, անոնք կողմ են, որ սուրիական տագնապը հանգուցալուծման փուլ մը մտնէ: Ռուսական կողմին համար Ռիապքովի մէջտեղ նետած «ռումբէն» ետք կարեւորագոյն յայտարարութիւնը կը լսուէր Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի բերնով: Զախարովա Սուրիոյ մէջ գործադրութեան դրուած հրադադարին անժամկէտ ըլլալուն մասին խօսելէ զատ մտահոգութիւն կը յայտնէր Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիոյ համար «պատրաստուած Plan B»ի մը մասին, ու յոյս կը յայտնէր, որ այդ մասին վերջին օրերուն լսուած բանաձեւումները չեն անցնիր խօսքի սահմանները: Իրօք ո՛ր «Plan B»ի մը մասին է խօսքը, իշխանութեան մը համար, որ սուրիական պատերազմի ամենէն անկիւնադարձային պահուն նոյն Պարաք Օպամայի վարչակարգը չկամեցաւ զինուորական միջամտութիւն մը կատարել Սուրիոյ մէջ: Երբ ամբողջ աշխարհը նստած կը սպասէր, որ Միացեալ Նահանգներ զինուորական գործողութիւն մը կատարէ, Օպամա ետդարձ մը ըրաւ, ու մերկացուց իր կառավարած վարչակարգին իրական երեսը: Աշխարհի հաւասարակշռութիւններու հիմնական կշիռք հանդիսացող Միացեալ Նահանգներուն համար ընդունելի չէր, որ Սուրիոյ մէջ որեւէ կողմ պարտուի: Ընդունելի չէր նոյնիսկ, որ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատ բռնի ուժով հեռացուի իշխանութենէն: Բնականաբար ամերիկացի ղեկավարներուն խօսքերուն եւ անոնց գործին միջեւ իսկական վիհ մը կայ: «Ռէէլ փոլիթիք»ի թելադրանքներով «խաղացող» գերտէրութիւնը ունի իր սեփական ժամացոյցը, որուն հիմքով կրնայ շարժել տարբեր ուղղութիւններ տանող կառավարման վահանակները: Այս բոլորին վրայ հիմնուելով է, որ անհասկնալի կը դառնան ռուսական կողմին ունեցած մտավախութիւնները: Ասկէ զատ վերջին օրերուն համացանցային մէկէ աւելի կայքէջեր հրապարակեցին Սուրիոյ համար «պատրաստուած» նոր քարտէս մը, ուր երեւելի կը դառնան Սուրիոյ մէջ գոյանալիք հիմնական բաժինները: Ռուսական կողմը այդ բաժանումին «Դաշնային» յորջորջումը կու տայ: Բնական է, որ այդ քարտէսին մէջ տեղ պիտի ունենան սիւննիները, քիւրտերը, տիւրզիները եւ ալեւիները: Ու բնական է նաեւ, որ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն մասին ոչ մէկ յղում պիտի ըլլայ: Էթնիք զտումներու առումով ալ, եթէ այսօր լաւ ուսումնասիրենք սուրիական քարտէսը, պարզ պիտի դառնայ, որ առնուազն քիւրտերուն եւ ալեւիներուն համար առանձին «պետութիւն» ունենալու գետինը արդէն իսկ պատրաստ է: Օրինակ՝ Լաթաքիոյ եւ անոր շրջակայքը եղող հատուածներուն մէջ գերիշխող է ալեւի տարրը, ու նոր չէ այս մէկը: Իսկ երկրի հիւսիսը՝ Թուրքիոյ հետ եղած սահմանային հատուածը պիտի վերապահուի երկրի քրդական տարրին: Բնական է, որ այս քարտէսը կրնայ տարբեր մերժումներու, ընդդիմութեան եւ փոփոխութեանց ենթարկուի: Կարեւոր չէ այդ: Կարեւորը այն է, որ առաջին անգամ ըլլալով եւ այս անգամ ռուսական կողմին առաջարկով ու ամերիկեան կողմին «օրհնութեամբ» նման քարտէս մը շրջանառութեան մէջ կը դրուի: Սուրիոյ տագնապի հանգուցալուծման համար տարուող բանակցութիւնները պիտի ունենան «յաղթանակը ոչ ոքի» արդիւնք մը: Ու այդ արդիւնքը հաճոյ է գերտէրութեանց համար:
Խօսելով գետնի վրայ եղող զարգացումներու մասին՝ կարելի է ըսել, որ տարուան արիւնալի պատերազմէն ետք շաբաթ մը առաջ կնքուած հրադադարը արդիւնաւէտ է, այն իմաստով, որ հակառակ մերթ ընդ մերթ գրանցուած խախտումներուն, կողմերը կը շարունակեն պահպանել հրադադարի կայունութիւնը: Ու այս ընդհանուր դրութեան մէջ կարելի է ըսել, որ կողմերուն վրայ եղած ծանր ճնշումներուն շնորհիւ է միայն, որ կարելի կ՚ըլլայ հրադադարը պահպանել: Պէտք չէ մոռնալ, որ մասնաւորապէս «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) խմբաւորման դէմ Սուրիոյ բանակին կողմէ եղած զինուորական գործողութիւնները մեծ թափով կը շարունակուին: Մասնաւորապէս Հալէպի ցամաքային Ասրիա-Խանասէր շրջանին մէջ. օրինակ՝ սուրիական բանակը յաջողեցաւ կոտրել ԻՇԻՊ-ին կողմէ եղած պաշարման օղակը: Անցնող օրերուն Հալէպ յայտնուած էր պաշարման տակ, ու այդ պատճառով քաղաքէն ներս ուտելիքի եւ նաւթի սուր տագնապ մը ծայր առած էր: Այդ ծանր դրութեան մէջ են նաեւ Հալէպի մեր հայրենակիցները, որոնց համար պատերազմի այս հանգրուանը դարձած է աւելի դժուարին: Բացի անկէ, որ աշխատանք մը ունենալը դարձած է գրեթէ անհնար, այն բոլոր քաղաքացիները, որոնք տարբեր ոլորտներու մէջ կ՚աշխատին՝ կեանքի ահռելի սղաճին ու սուրիական թղթոսկիին անկումին հետեւանքով բնականոն կեանքը մը վարելէ շատ հեռու են: Այստեղ պէտք է շեշտադրել նաեւ բարեսիրական-կրօնական հաստատութիւններուն դրական դերը: Առանց անոնց տրամադրած օգնութիւններուն՝ Հալէպ մնացած մեր հարազատներուն դրութիւնը պիտի դառնար աւելի բարդ: Ճիշդ է, որ ներկայիս Հալէպի շուրջ զինուորական գործողութիւններու հաւանական բեմագրութիւններ չկան, բայց անցնող չորս տարիներու վրայ երկարած պատերազմը ցոյց տուած է, որ Սուրիոյ մէջ եղող սթաթիւքոյով կրնայ անասելի կերպով փոխուիլ ու նոր իրավիճակ ստեղծել հալէպահայոց համար: Կանուխ է խօսիլ բաժանման ծրագրի մը ներքեւ եղող Հալէպի ապագային մասին, բայց եւ այնպէս ամբողջ հայութեան համար ալ խորապէս մտահոգիչ է, որ տեղի ունենալիք կամ նոյնիսկ «պարտադրուելիք» լուծումներու ծրարին մէջ, ինչպիսի՛ դիրքի մը կամ ինչպիսի՛ իրավիճակի մը մէջ պիտի յայտնուի երբեմնի հայկական Հալէպը:
Վերը խօսեցանք, որ ռուսական կողմէն ներկայացուած հաւանական քարտէսի մը կեանքի կոչուիլը կրնայ լուրջ ընդդիմութեան արժանի ըլլալ: Այդ ծրագրին ամենէն աւելի կրնան իրենց լուրջ «վեթօ»ն դնել Թուրքիան եւ Սուրիոյ իրաւական իշխանութիւնները: Այս երկու կողմերը հակառակ անոր, որ այսօրուան ընդհանուր դրուածքով դարձած են ոխերիմ թշնամիներ, բայց եւ այնպէս գետնի վրայ ներկայացուած ծրագրին հիմքով անոնք կրնան ունենալ նոյն թշնամին, որն է Սուրիոյ քրդական տարրը: Գալիք հանգրուանին կարեւորագոյն հարցադրումը հետեւեալն է, որ արդեօք իսլամական հիմքով եղած նախկին հանգրուանի բարեկամութիւնը պիտի կրնա՞յ երկու ոխերիմ կողմերը՝ Նախագահ Էրտողանն ու Պեշար Էսատը, միացնել էթնիք գործօնին դէմ, որ այս պարագային քրդական գործօնն է: Այս հարցումին պատասխանը կրնայ շատ ժամանակ չառնել, տրուած ըլլալով, որ սուրիական տագնապը մտած է հասունացման կարեւոր փուլ մը: Հասունացումը այս պարագային պայման չէ, որ համազօր ըլլայ հանգուցալուծման, պարզ այն ըմբռնումով, որ Սուրիոյ նման բարդ կացութեան մը մէջ յայտնուած երկրի տագնապը կարելի չէ ՚կախարդական գաւազան»ով լուծել: Տակաւին քիչ ալ չեն այն մեկնաբանները, որոնց տեսակէտով Սուրիոյ մէջ առաջադրուելիք որեւէ բաժանում կրնայ ներքին պատերազմներու եւ արիւնաքամ ու երկարատեւ ներհամայնքային ընդհարումներու տանիլ: Ալեւիին համար տանելի չէ սիւննին, իսկ սիւննի համայնքի անդամներուն համար կայ Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆըզ Էսատէն փոխանցուած ու մինչեւ հիմա «գործող» վէրք մը, որուն պատճառով դժուար թէ սիւննին ընդունի ապրիլ նոր Սուրիոյ մը մէջ, առանց իր պահանջներէն որոշ չափին տիրանալու: Գալով քիւրտերուն, անոնք եւս բարդ վիճակներու մէջ ապրած քաղաքացիներ են, որոնց համար առկայ եւ իրական միակ պահանջը քրդական իշխանութեամբ կառավարուող հատուածի մը ստեղծումն է: Այստեղ աւելորդ է պետութեան մասին խօսիլը, որովհետեւ ռուսական կողմը ըմբռնած ըլլալով Սուրիոյ մէջ ապրող տարբեր համայնքներուն առանձնայատկութիւնները, առաջարկ ըրած է ստեղծել Դաշնային պետութիւն մը եւ ոչ թէ տարբեր պետութիւններ:
Ամէն պարագայի, յառաջիկայ Չորեքշաբթի՝ Մարտի 9-ին, Ժընեւի մէջ սկիզբ առնելիք յառաջիկայ բանակցութիւններու հանգրուանը շատ կարեւոր է: Պարզ անոր համար, որ առաջին անգամն ըլլալով Սուրիոյ «ընդունելի» ընդդիմութիւնն ու իշխանութիւնները դէմ դիմաց պիտի նստին այն հանգրուանին, երբ առնուազն իրենց տիրապետած շրջաններուն մէջ լռած են թնդանօթները:
Գալով ահաբեկչական խմբաւորումներուն, պէտք է կարեւորութեամբ նշել, որ Սուրիոյ մէջ սկիզբ առած ռուսական օդային գրոհներէն մինչեւ օրս Սուրիոյ տարբեր հատուածներուն մէջ սպաննուած են ԻՇԻՊ-ի եւ «Էլ Նուսրա» ճակատի պատկանող շուրջ հազար զինեալներ: Ու երեւելի է նաեւ, որ այս գործողութիւնները պիտի շարունակուին:
Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի հովանաւորութեամբ, Սուրիոյ մէջ յայտատարուած հրադադարը անկասկած, որ նոր էջ մը կը բանայ իր հինգերորդ տարին թեւակոխած սուրիական պատերազմին համար: Հրադադարը անպայման չի նշանակեր, որ պատերազմը հասաւ իր աւարտին, բայց եւ այնպէս քաղաքական շփումներու ընդհանուր նոր հայեցակարգ մը կերտելու հիմքեր ունի: Ու այդ հիմքերէն միակ երեւելին ցարդ Սուրիոյ բաժանման ծրագիրն է, որ յառաջ կը քշուի ռուսական դիւանագիտութեան կողմէ:
Բաժանումը ծանր բառ է, ու աւելի ճիշդ է գրել սուրիական դաշնային պետութեան մը ծրագրային քարտէսին մասին այնպիսի բան մը, որուն մասին խօսակցութիւնը առկայ էր սուրիական պատերազմի առաջին իսկ օրէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան