ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐԸ ՊԱՏԿԱՌԵԼԻ ՁԵՌՆԱՐԿՈՎ ՄԸ ՊԱՆԾԱՑՈՒՑԻՆ ՀԱՅ ԿԻՆԸ

Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռութեամբ, շաբաթ երեկոյեան, Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ կինը» խորագրեալ ձեռնարկ մը։ Կեդրոնականցիները վերջին տարիներուն գեղեցիկ աւանդութիւն մը ստեղծած են՝ պատմական կերպարներու եւ իրադարձութիւններու հետքը բռնելով՝ մերօրեայ ինքնութեան պահպանման պայքարի ուղեցոյցներ փնտռելու առումով։ Վարժարանի բազմամեայ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի տեսլականով յառաջ կը տարուի այս ծրագիրը։ «Հայ կինը» խորագրեալ ձեռնարկը եկաւ նոր օղակ մը աւելցնելու այս շղթային վրայ։ Կեդրոնականցիները պատկառելի հանդիսութիւնով մը պանծացուցին հայ կինը՝ ընդգծելով անոր անփոխարինելի դերակատարութիւնն ու ներդրումը՝ մշակութային եւ հասարակական կեանքէ ներս։

Ցուցահանդէսով, պարերով, երաժշտութիւնով, թատերակներով եւ այլ ներկայացումներով կեդրոնականցիները արժեւորեցին իրենց ընտրած՝ իգական սեռէ կերպարները, որոնք թէ՛ ոգեկոչուեցան եւ թէ մատուցուեցան փարոսներ՝ ապագայ ճանապարհին լոյս սփռելու սպասումով։

Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Սիլվա Գույումճեան։

Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2023