ԱՐԱ ՄԱԼԻՔԵԱՆԻ ՑՆՑԻՉ ԽԱՂԸ՝ ՍՐՏԻ ԼԱՐԵՐՈՒ ՀԵՏ

Աշխարհահռչակ ջութակահար Արա Մալիքեան հերթական համերգով հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Իր վերջին ելոյթը անմոռանալի դարձած է եւ արձագանգները հաւանաբար շարունակուին երկար։

Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ, նախընթաց երեկոյեան տեղի ունեցաւ համերգը, որ ձօնուած էր Մեծն Կոմիտասի 155-ամեակին։

Երաժշտական մեկնաբանները կը շեշտեն, որ վիրթիէօզ-ջութակահարը բառին բուն իմաստով յաջողեցաւ ունկնդիրներու սրտի լարերուն հետ խաղալ եւ իրեն բնորոշ՝ անսահման ազատութեամբ ցնցեց Երեւանի բեմը։ Մալիքեանին նուագակցեցան՝ երեսուն տարի առաջ Քուպայի մէջ ծանօթացած երաժիշտները։ Երեւանի այս համերգը կազմակերպուած էր «The Ara Malikian World Tour»ի շրջանակներէն ներս։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համերգէն առաջ Արա Մալիքեան հանդիպեցաւ նաեւ Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 5, 2024