ԷՐՏՈՂԱՆԷՆ ԵՒ ՊԱՅՏԸՆԷՆ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան պատգամ մը ուղարկեց՝ Կասպից ծովու նաւթի եւ կազի 29-րդ միջազգային ցուցահանդէսի եւ Կասպեան ու կանաչ ուժանիւթի 12-րդ միջազգային ցուցահանդէսի բացման արարողութեան առթիւ։ Ան պատգամին մէջ նշեց.
«Աշխատանք կը տանինք Ատրպէյճանի հետ ուժանիւթի աղբիւրներու տեսակաւորման ուղղութեամբ ու շուտով կ՚աւարտենք դէպի Նախիջեւան կազատարի շինարարութիւնը։ Կ՚ողջունենք Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ քայլերը եւ ակնկալուած խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Սա կը դիտարկենք, որպէս պատմական հնարաւորութիւն»։
Իր կարգին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընն ալ նոյն արարողութեան բացման առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ անդրադարձաւ Երեւան-Պաքու հաշտութեան բանակցութիւններուն։ Ուաշինկթընի շահերէն կը բխի տարածաշրջանէն ներս կայունութիւնը։ «Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրը վերջ կը դնէ հակամարտութեան», նշած է Պայտըն ու շեշտած է, որ սա կը փոխէ Ատրպէյճանի եւ Հարաւային Կովկասի դերը համաշխարհային մակարդակի վրայ։
Անգարա եւ Ուաշինկթըն միշտ կը խրախուսեն Երեւան-Պաքու կարգաւորումը։