ԸՆԴԳՐԿՈՒՆ ԵՒ ՅԱՒԱԿՆՈՏ ՕՐԱԿԱՐԳ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան՝ Արեւելեան Եւրոպայի, Ռուսաստանի, Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ ԵԱՀԿ-ի գծով կառավարիչ-տնօրէն Միխայիլ Զիպերթը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան ԵՄ-Հայաստան համագործակցութեան ընդգրկուն եւ յաւակնոտ օրակարգի շարք մը հարցեր։ Կողմերը շօշափեցին համագործակցութեան հետեւողական զարգացումն ու ընդլայնումը։

Եւրոպացի պաշտօնատարը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի կողմէ։

Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր՝ մանաւանդ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին շուրջ քննարկումներուն։

Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացին շուրջ՝ մանաւանդ, որ Ռուբէն Ռուբինեան Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչն է՝ Թուրքիոյ հետ համապատասխան բանակցութիւններու գծով։

Չորեքշաբթի, Յունիս 5, 2024