ՃԱՊԱՀԱՐԻ ՀԱՄԱՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան երէկ յայտարարեց, որ Իրան դաշտի վրայ ներգրաւուած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի կեանքի կոչման։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փոխ-նախարարը երէկ մասնակցեցաւ խորհրդարանի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին, որու ընթացքին ընդգծեց, որ Հայաստան եւ Իրան միասնաբար կ՚իրականացնեն տնտեսական ու ենթակառուցուածքային շարք մը խոշոր նախագծեր։ Իր խօսքով՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին մէջ շատ կարեւոր ուղղութիւններ են Հնդկաստանն ու Ծոցի երկիրները, Հայաստանին անոնց հասանելիութիւնը։ «Սա կը վերաբերի նաեւ Հայաստանի ուղղուածութիւնը տեսակաւորելու դէպի մեր արտահանման շուկաները։ Սա պէտք է ըմբռնել Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան համատեսքին մէջ եւ դէպի Կեդրոնական Ասիա Հայաստանի հետ հաղորդակցութեան ա՛լ աւելի սահուն դառնալուն առումով», ըսաւ փոխ-նախարարը։ Խորհրդարանի ելոյթին մէջ Կոստանեան շեշտեց, որ Հնդկաստանի Ճապահար նաւահանգիստի նախագծին Հայաստանի միանալու հարցն ալ գործնական փուլի մէջ է։

Միւս կողմէ, փոխ-նախարարը ընդգծեց, որ Հայաստան կը ձգտի միանալ՝ ելեկտրահաղորդման ուղղեալ «Սեւծովեան լար» նախագծին եւ այս առումով կ՚ակնկալէ Վրաստանի աջակցութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 5, 2024