ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՍՏՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագատ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներէն Լինտսի Կրեհեմը։ Այս վերջինը ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի ազդու անուններէն մին է եւ տեղական մամուլը գրած է, թէ անակնկալ այցելութիւն մը տուած է Անգարա։ Ծերակուտականը հանրապետական է։
Վերջին շրջանին Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ նկատելի է կլիմայի փոփոխութիւն մը՝ մասնաւորապէս միջազգային իրադարձութիւններու բերումով։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ վերատեսութեան կ՚ենթարկուին այն խնդրայարոյց թղթածրարները, որոնք մինչեւ մօտաւոր անցեալը տարակարծութիւններ կը յառաջացնէին Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն մէջ։ Այս շրջանակին մաս կը կազմէ նաեւ «Ֆ-16» ռազմաօդանաւերու վերաբերեալ յայտնի գործարքը։ Կը հաղորդուի, որ Կրեհեմ աջակցութիւն խոստացած է, որպէսզի այդ կործանիչները վաճառուին Թուրքիոյ։
Նախագահ Պայտընի ղեկավարութիւնը վերջերս արդէն կանաչ լոյս վառած է Թուրքիոյ ռազմաօդանաւեր վաճառելու ծրագրին համար։ Այժմ հանրապետական այս ազդու ծերակուտականն ալ խոստացած է իր հնարաւորը ընել՝ վարչախումբի այդ որոշման աջակցելու նպատակով։