ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՈՒՄ ՉԷ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ
Հայաստանի վարչապետը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պարզ դարձուց, որ Հայաստան-Արցախ կապող Լաչինի միջանցքի փոփոխութեան կը նախապատրաստուին կողմերը: Իր այս հաստատումը հիմնաւորելու համար ան յղում կատարեց 9 նոյեմբերի յայտարարութեան ներառած համապատասխան կէտին՝ այլընտրանքային երթուղիի կառուցման համաձայնութեան: Ըստ իրեն, նոր կառուցուող երթուղային ճանապարհը պիտի ըլլայ աւելի յուսալի, եւ անիկա նպատակ ունի ամուր կապ, աւելի որակեալ ճանապարհ ապահովելը: Իբրեւ երաշխիք Փաշինեանը նշած է, որ ճանապարհային փոփոխութիւնը տեղի կ՚ունենայ միայն այն ատեն, երբ ռուս խաղաղապահները վերահսկողութիւն կը հաստատեն նոր երթուղիին վրայ:
Հիմա տեսնենք 9 նոյեմբերի յայտարարութեան համապատասխան կէտը.
6-րդ կէտ.
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կը վերադարձնէ Քելպեճերի շրջանը մինչեւ 2020 թուականի նոյեմբերի 15-ը, իսկ Լաչինի շրջանը՝ մինչեւ 2020 թուականի դեկտեմբերի 1-ը: Լաչինի միջանցքը (5 քմ. լայնութեամբ), որ պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ, ընդ որում շրջանցելով Շուշի քաղաքը, կը մնայ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան ներքոյ:
«Կողմերուն համաձայնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովելու համար յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին պիտի հաստատուի Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի կառուցման նախագիծ, որմէ ետք ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը վերատեղակայուի՝ այդ երթուղին պաշտպանելու համար:
«Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը կ՚երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրական եւ բեռնատար միջոցներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը երկու ուղղութիւններով»:
Այստեղ փաստօրէն կը խօսուի նոր երթուղիի մասին.
նշում չկայ ներկայ միջանցքը չգործարկելու եւ աւելին՝ Բերձորը յանձնելու մասին: Բերձորի կամ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի (Սովետական շրջանի) տարածքներէն դուրս գտնուող տարածքներու յանձնման մասին ակնարկ կայ «մենք այս ընթացքին երթուղիի փոփոխութեան շուրջ քննարկում ունեցած ենք Ռուսաստանի մեր գործընկերներուն հետ» յայտարարութեամբ:
Այս ծրագիրի իրականացման համար կայ ատրպէյճանական շտապողականութիւն: Արագացուած կարգով կը շարունակուի Լաչինը շրջանցող 32 քիլօմեթրնոց ճանապարհի շինարարութիւնը. Հայաստանը Արցախին կապող ու Լաչինի միջանցքը փոխարինող նոր ճանապարհը Սիւնիքի Տեղ, Կոռնիձոր գիւղերով կը մտնէ Արցախ՝ Բերդաձորի ենթաշրջանի Հին Շէն, Մեծ Շէն գիւղերով: Նոր երթուղիի հայկական հատուածին վրայ տակաւին աշխատանքներ չեն նշմարուիր: Կը թուի, որ Փաշինեան այս յայտարարութեամբ այդ աշխատանքներու մեկնարկը յայտարարեց, նկատի ունենալով համաձայնութեան մէջ նշուած ժամկէտը՝ 3 տարի:
Անկախ անկէ, որ Բերձորի կամ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի տարածքներու յանձնման մասին որեւէ համաձայնութիւն չկայ, արդարացման համար յղում կը կատարուի 9 նոյեմբերի յայտարարութեան: Պարտուած կողմին պարտադրուող միակողմանի զիջումներու տրամաբանութեան մէջ կ՚ընկալուի այս յանձնուողականութիւնը:
Այնուամենայնիւ նոր երթուղիի հայկական հատուածին աշխատանքները կը սկսին ռուսական կանաչ լոյսով: Մեծ խաղը «միջանցք միջանցքի դիմաց» կանոնին կը վերաբերի: Ատրպէյճանը նոր երթուղիի տրամադրումով պիտի ստանձնէ Սիւնիքի կապը: Առաջին հայեացքով երկուքն ալ ռուսական վերահսկողութեամբ: Երկուքն ալ սակայն խառն բաժին ունին: Նախիջեւան-Ատրպէյճան կապի պարագային 9-րդ կէտը կը նշէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՚երաշխաւորէ փոխադրական կապերու անվտանգութիւնը: Իսկ 6-րդը՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը կ՚երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրական եւ բեռնատար միջոցներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը երկու ուղղութիւններով:
Աւելիով համոզիչ կը դառնայ, որ պարտուած կողմը ներկայացնողները պէտք չէ շարունակէին բանակցութիւնները: Առնուազն կարենալ ըսելու համար, որ կարեի չէ անցնիլ համաձայնութեան այլ կէտերու, այնքան ատեն որ՝
Ա.- Փառուխի նախկին կարգավիճակը չէ վերականգնած,
Բ.- Ատրպէյճանական զօրքերը չեն քաշուած Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներէն,
Գ.- Ռազմագերիները, պահուող անձերն ու աճիւնները չեն յանձնուած հայկական կողմին,
Դ.- Տուժածներն ու գաղթականները չեն վերադարձած իրենց բնօրրանը:
Ե.- Նոր երթուղին չ՚ենթադրեր նոր տարածքներու յանձնում:
Թէ՛ Նախիջեւան-Ատրպէյճան կապին եւ թէ՛ նոր երթուղիին բացման համար տեսանելի է ատրպէյճանական շտապողականութիւնը: Լաչինի նորացուած միջանցք՝ Զանգեզուրեան միջանցքի դիմաց. ա՛յս է Պաքուի բանաձեւը: Գործընթացը կրնայ դանդաղիլ, առկախուիլ կամ արագանալ: Լաչինի նոր երթուղին կամ Նախիջեւան-Ատրպէյճան ճանապարհը համաձայնեցուած են ռուսական միջնորդութեամբ:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի