ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻ ՆՈՐ ՀԱՏՈՒԱԾ

Մինչ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը կը շարունակէ օրակարգի վրայ առաջնահերթութիւն ներկայացնել, Ռուսաստան եւ Իրան արդէն որոշած են կառուցել Հիւսիս-հարաւ միջանցքի երկաթուղային հատուածը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի նախագահի օգնական Իկոր Լեւիթին տեղեկացուց, որ ռուսական ընկերութիւնը շուտով պայմանագիր պիտի ստորագրէ Իրանի հետ՝ Հիւսիս-հարաւ միջազգային փոխադրութեան միջանցքի շրջանակներէն ներս «Ռեշտ-Աստարա» երկաթուղային հատուածի կառուցման մասին։ «Շուտով պիտի ստորագրուի պայմանագիրը», ըսաւ Իկոր Լեւիթին եւ աւելցուց, որ Հիւսիս-հարաւը Ռուսաստանի համար յաւելեալ բեռներ փոխադրելու հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ՝ յատկապէս սա կը վերաբերի պարէնամթերքի։ Իր խօսքով՝ Հիւսիս-հարաւ միջազգային փոխադրութեան միջանցքի ամբողջ երկայնքով փոխադրման թոնաժը այս պահուն կը կազմէ 15 միլիոն թոն։ Սակայն, Լեւիթինի կանխատեսումներով, ապագային այդ մէկը կրնայ կրկնապատկուիլ՝ հասնելով 30 միլիոն թոնի մակարդակին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 5, 2023