ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր Պաքու կ՚այցելէ՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հրաւէրին ընդառաջ։ Կը հաղորդուի, որ Հաքան Ֆիտան Պաքուի մէջ կը մասնակցի Չմիաւորման շարժման անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Պաքուի մէջ տեղի կ՚ունենայ Չմիաւորման շարժման համակարգող պիւրոյի նախարարական մակարդակով հանդիպման։ Հարկ է նշել, որ այս պիւրոն կը միաւորէ շուրջ 120 պետութիւն՝ ռազմական դաշինքներու անդամ չըլլալու սկզբունքով։ Պաքուի ժողովներուն կը մասնակցի նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան։ Նախարարներու հանդիպման ընթացքին Հաքան Ֆիտան ներկայ կը գտնուի նաեւ Պաղեստինի հարցով կոմիտէի ժողովին։

Կը հաղորդուի, որ երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Հաքան Ֆիտան Պաքուի մէջ կ՚ունենայ նաեւ այլ երկկողմանի հանդիպումներ՝ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուելու առընթեր։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 5, 2023