ՎԻՃԵԼԻ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի մէջ հասարակութեան բեւեռացումը կը շարունակէ մտահոգութեան պատճառ դառնալ։ Այս ամբողջին մէջ, երկրէն ներս ընդդիմադիր գործիչներուն ենթարկուած վերաբերմունքն ալ կը խորացնէ հասարակութեան պառակտումը։ Վերջին հաշուով, վիճելի արդարադատութիւնն ալ կու գայ համապատասխան խնդիրները բազմապատկել։
Վերջերս կալանաւորուած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) կարկառուն դէմքերէն Արմէն Աշոտեան։ Ընդդիմադիր կուսակցութեան սիւներէն կը համարուի Արմէն Աշոտեան, որ անցեալի մէջ՝ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարութեան տարիներուն զբաղեցուցած է նաեւ նախարարի պաշտօն։ Ներկայիս Սերժ Սարգսեան կը գլխաւորէ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, որ խորհրդարանէն ներս ունի նաեւ ընդդիմադիր խմբակցութիւն մը։ Արմէն Աշոտեան վերջերս իր հասցէին կատարուած զանազան մեղադրանքներով արդէն ձերբակալուած էր եւ իր պարագային սկսած էր հարցաքննութիւն մը։ Յամենայնդէպս, ընդդիմադիր գործիչին հարցաքննութիւնը յառաջ կը տարուի անոր կալանաւորումով, ինչ որ բողոքի պատճառ դարձած է։
Երէկ, Երեւանի կեդրոնին տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը՝ ի պաշտպանութիւն Արմէն Աշոտեանի։ Ընդդիմութիւնը արդէն այս պայմաններուն ներքեւ կալանաւորուած Արմէն Աշոտեանը քաղաքական բանտարկեալ կը համարէ։ Երեւանի կեդրոնին երէկ տեղի ունեցած ցոյցի մասնակիցները պահանջեցին, որ Արմէն Աշոտեան ազատ արձակուի։