ՇՈՒՇԻ ԱՅՑԸ ՋՆՋՈՒԱԾ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան աւարտեց իր այցելութիւնը դէպի Աստանա, ուր մասնակցեցաւ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին։ «ՇՀԿ+» ձեւաչափով կազմակերպուած հաւաքին երկրորդ օրը նախագահ Էրտողան շարունակեց իր երկկողմանի հանդիպումները։ Այս ամբողջին մէջ ան տեսակցեցաւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի, Քաթարի էմիր շէյխ Թամիմ պին Համատ ալ Սանիի, Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի եւ այլ ղեկավարներու հետ։
Ղազախիստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս հաւաքէն վերջ Էրտողան պիտի անցնէր Ատրպէյճան՝ մասնակցելու համար վաղը Շուշիի մէջ նախատեսուած Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան անպաշտօն գագաթաժողովին։ Անգարայէն երէկ հաղորդուեցաւ, որ Էրտողանի ծրագիրը ենթարկուած է փոփոխութեան։ Նախագահը որոշած է մեկնիլ Գերմանիա՝ զօրակցելու համար Թուրքիոյ ազգային հաւաքականին, որ մասնակցութիւն կը բերէ Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան։ Էրտողանին փոխարէն Շուշի կը մեկնի Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ճեւտէտ Եըլմազ։
Աստանայի գագաթաժողովի մասնակիցներէն Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ալ երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմավարական կայունութեան վերաբերեալ հարցեր քննարկել, սակայն կը փափաքի նոր վարչակազմին սպասել՝ հասկնալու համար տրամադրութիւնները։
Միւս կողմէ, Աստանայի գագաթաժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ ուշադրութիւն հրաւիրուեցաւ նոր աշխարհակարգի մը ձեւաւորման վրայ։ ՇՀԿ-ի անդամները կը ձգտին կառոյցին ազդեցութիւնը բարձրացնել՝ մշտական խաղաղութեան, կայունութեան եւ աւելի արդար աշխարհի մը ճանապարհին։