ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՔԻՆ

Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի ընդ­լայն­ման եւ հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գծով կո­մի­սար Եո­հան­նէս Հահն ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար եւ ա­ւագ բա­նագ­նաց Վոլ­քան Պոզ­քը­րի հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, եւ­րո­պա­ցի կո­մի­սա­րը այս առ­թիւ տե­ղե­կա­ցուց, թէ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի շրջագ­ծով ԵՄ ա­մուր ձե­ւով դիրք կը գրա­ւէ Թուր­քիոյ կող­քին։ Ան կանգ ա­ռաւ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ պայ­քա­րի ճա­նա­պար­հին թուրք ի­րա­ւա­սու­նե­րուն կող­մէ դրսե­ւո­րուած վճռա­կա­մու­թեան վրայ։ Յանձ­նա­կա­տա­րը մատ­նան­շեց նաեւ այն ան­նա­խըն­թաց օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք Թուր­քիոյ կող­մէ ցոյց կը տրուին Սու­րիա­յէ եւ Ի­րա­քէ դուրս ե­կած գաղ­թա­կան­նե­րուն ի նպաստ։ Հահն յայտ­նեց, թէ պի­տի ջանան այս գետ­նի վրայ ա­ւելց­նել Թուր­քիոյ ի նպաստ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։

Ըստ Հահ­նի, ա­մէն տե­սակ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րե­լու ի­րա­ւուն­քը վե­րա­պա­հուած է Թուր­քիոյ եւ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը պէտք է պա­խա­րա­կուի բա­ցարձա­կա­պէս։ Յանձ­նա­կա­տա­րի հա­մոզ­մամբ, հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ պէտք է ըլ­լան համա­չափ եւ նպա­տա­կաս­լաց։

Հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին յանձ­նա­կա­տա­րը նշած է նաեւ, թէ վեր­ջերս հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մըն ալ ու­նե­ցած է ՀՏՓ­-ի հա­մա­կու­սակ­ցա­պետ Սե­լա­հատ­տին Տէ­միրթա­շի հետ։ Այս առ­թիւ Հահն նշած է, թէ բո­լոր կող­մե­րը պէտք է վե­րա­դառ­նան խա­ղա­ղու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին ու պէտք է աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կել՝ լայնա­ծա­ւալ եւ ընդգր­կուն քա­ղա­քա­կան լու­ծու­մի մը ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2015