ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԿԱՃԱՌԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ ԻՐԵՆՑ ՍՊԱՅԻ ԿՈՉՈՒՄՆԵՐԸ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ նոյն նա­խա­րա­րու­թեան «Վազ­գէն Սարգ­սեան» ռազ­մա­կան կա­ճա­ռի եւ ռազ­մաու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու տա­րե­վեր­ջի եզ­րա­փա­կիչ հան­դի­սու­թիւ­նը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն տրուե­ցան սպա­յա­կան կո­չում­ներ։ Ի­րենց կո­չում­նե­րը ստա­նա­լէ վերջ ա­նոնք հան­դէս ե­կան նաեւ տո­ղանց­քով մը։ Իր ե­լոյ­թին մէջ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգ­սեան ը­սաւ.

«Զի­նուո­րա­կան մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը ազ­գի եւ պե­տու­թեան ող­նա­շարն է։ Ե­թէ այդ ող­նա­շա­րը ջար­դուի՝ ո­չինչ կ՚ու­նե­նանք։ Ե­թէ այդ ող­նա­շա­րը ըլ­լայ շի­տակ՝ ու­րեմն կ՚ու­նե­նանք այն պար­տա­դիր նա­խադ­րեա­լը, ո­րու վրայ պի­տի կա­ռու­ցուի մնա­ցեալ ա­մէն ինչ»։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2015