ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ
Երեւանի մէջ հանրահաւաքներու շարքը կը շարունակուի։ Մայրաքաղաքի մերձակայքին ոստիկանական կեդրոն մը բռնագրաւած «Սասնայ ծռեր» զինեալներու խումբին ի պաշտպանութիւն տեղի կ՚ունենան ցոյցեր ու երթեր։ Թէեւ այդ ոստիկանական կեդրոնը ազատուած է, սակայն ներքին քաղաքական կեանքը բնականոն հունին չէ վերադարձած։ Երէկ երեկոյեան Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ դարձեալ հաւաքուած էին ցուցարարներ։ Հանրահաւաքի ընթացքին հնչեցին ինքնաբուխ ելոյթներ։ Յաջորդեց նաեւ երթ մը։
Ոստիկանութիւնը միջամտեց այս ցոյցին եւ բազմաթիւ ցուցարարներ տարուեցան ոստիկանատուն։ Այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, թէ բոլորն ալ ազատ արձակուած են։
Մինչ այդ, «Սասնայ ծռեր» խումբէն Փաւլիկ Մանուկեան երէկ դադրեցուց հացադուլը։ Նոյնպէս երէկ նոյն խումբէն հացադուլի ձեռնարկեց այս անգամ Աշոտ Պետրոսեան, որ կը հրաժարի նաեւ բժշկական օգնութենէ։