ՃԻՏՏԷԻ ՄԷՋ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԺՈՂՈՎ
Այսօր Սէուտական Արաբիա կը հիւրընկալէ միջազգային կարեւոր հաւաքոյթ մը, որ կը համախմբէ աշխարհի շուրջ երեսուն երկիրներէ ներկայացուցիչներ, բոլոր ցամաքամասերէն։ «Ուքրայնայի խաղաղութեան խորհրդաժողով» անուանեալ այս հաւաքոյթը կազմակերպուած է Ճիտտէ քաղաքին մէջ։ Մինչ Ռուսաստանը չէ հրաւիրուած, ՆԱԹՕ-ի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչները արդէն կը մասնակցին նիստին։ Թուրքիան կը ներկայացուի հանրապետութեան նախագահի աւագ խորհրդական դեսպան Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ խորհրդաժողովի մասնակիցները կ՚արժեւորեն Ուքրայնայի առկայ կացութիւնը եւ կարծիքի փոխանակումներ կ՚ունենան Ռուսաստան-Ուքրայնա տագնապի լուծման հեռանկարներուն շուրջ։
Խորհրդաժողովին հրաւիրուած են նաեւ Պրազիլի, Գանատայի, Դանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Հնդկաստանի, Իտալիոյ, Ուքրայնայի, Ճաբոնի, Շուէտի, Ֆինլանտիայի եւ այլ կարգ մը երկիրներու՝ ազգային անվտանգութեան հարցերու գծով բարձրաստիճան խորհրդականները։
Կը նախատեսուի, որ Ճիտտէի մէջ դեսպան Քըլըչ ունենայ նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։
Ճիտտէի այսօրուան խորհրդաժողովը կը համարուի՝ անցեալ յունիսին Քոփենհակի մէջ կազմակերպուած նոյնաբնոյթ հաւաքոյթին շարունակութիւնը։